Մեր Կոմիտասը որբ չթողուցինք…

Այս տարի, Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ ամեակը` ըլլայ ան Հայրեիքի մէջ թէ այլուր, ոգեկոչուեցաւ տարբեր տարողութեամբ, սակայն՝ պահանջատիրութեան նոյն ուժգին կամքով ու յանձնառութեամբ, հակառակ թագաժահրին պատճառած անպատեհութիեանց:

Գանատայի Քեպէգ քաղաքին մէջ, առտուընէ մինչև իրիկուն, Կոմիտասի կիսանդրին եղաւ քեպէգահայերու ժամադրավայրը, որոնք իրենց ծաղկեփունջերով խոնարհեցան Կոմիտասին առաջեւ, «Հայր Մեր» մը արտասանեցին և իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին մեր մէկ ու կէս միլիոն սուրբ նահատակներու անթառամ յիշատակին:

Առտու կանուխ, քիչ մը խոկալու և աղօթելու համար այցի գացի Կոմիտասին եւ ամէն ինչ բնական էր, կէսօրէ ետք, Արմէնը (Քեպէգահայ մը), հեռաձայնեց ըսելով թէ Կոմիտասի շրթունքը ճերմակ ներկած են: Արմէնը փորձած էր ալքոհոլով մաքրել ներկը, սակայն՝ չէր յաջողած: Ազնիւ Քեպէքուհի մը ջուր և քիմիական նիւթեր բերած էր, որպէսզի ներկը մաքրուի… եւ հարց տուած, թէ արդեօք հայեր էք…

Ո՞վ եղած է այս արարքը կատարողը, կարելի՞ է կասկածիլ….

Սակայն, այս տարի եւս մեր Կոմիտասը որբ չթողուցինք…

Սեդա Թէլեան
Քեպէգ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.