Մեր Դուռը Թակողը Անպատասխան Չենք Ձգեր․ ՀՕՄ-ը Պիտի Շարունակէ Գործել Վերաբացուած Գրասենեակին Մէջ

Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի շրջանային վարչութեան գրասենեակը, որ բարեկարգուած ու նորացուած է, վերաբացուեցաւ Չարենցի 20 հասցէին վրայ։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։

ՀՕՄ-ը՝ յանձին հայաստանեան գրասենեակի, տարիներ շարունակ իր շուրջը համախմբած է հայրենատէր եւ հայրենակիցներու ճակատագրով մտահոգ բարերարներ, արժանապատիւ հայեր, որոնցմէ՝ Ալիս Կիւրեղեանին վերապահուեցաւ գրասենեակին վերաբացման պատիւը։

Comments are closed.