Մեր անկախութիւնը

Անկախութեան ձգտումը Ժողովուրդները իրենց անկախութեանը ձգտելուն համար չէ, որ կը մեռնին: Շատ աւելի ճիշդ է հակառակը. կը մեռնին ապրելու կամքն ու վճռականութիւնը չունենալուն համար: Եթէ հայութիւնը դիմացեր է այսքան դարեր, իր դիմադրութեամբն է դիմացեր, դիմադրելով, որ չկլանուի, դիմադրելով, որ ազատուի: Եթէ իր անկախութեան համար մաքառիլը մահ բերէ, հայութիւնը արդէն տասնեակ անգամներ պէտք է մեռած ըլլար: Կամքը ո՛ւժ է, մե՛ծ ուժ, շա՛տ աւելի մեծ ուժ՝ քան սովորաբար կը կարծուի: Սրե՛նք մեր կամքերը՝ բոլոր միջոցներով. ատիկա է այն միակ զէնքը, որ իրապէս կը պաշտպանէ մեզի մահէն, ատիկա է այն միակ սուր զէնքը, որ մեր բարձրացման ու մեր զարգացման առջեւը ճամբայ կը բանայ:

Ինչպէս երէկ, ինչպէս այսօր, այնպէս ալ վաղը, նոյնն է հայութեան ձգտումը, եւ ուրիշ բան ալ չի կրնար ըլլալ, մինչեւ որ մենք ալ մտնենք վերջապէս ազատ ու առողջ ազգերու շարքը: Անկախութեան այս ձգտումը եւ անոր կապուած մաքառումները, իրա՛ւ է, ուտեն պիտի մեր ստեղծագործական ուժերու, մեր քաղաքակրթական ընդունակութիւններու եւ մեր աշխատանքի լաւագոյն մասը, ինչպէս որ կերտեր են մինչեւ հիմա, բայց ա՛յս է կեանքը, ա՛յս է պահանջը մեզի շրջապատող պայմաններուն. ուրիշ ճամբայ չկայ:

Կռուի մէջ նետուողը ե՛ւ կը վիրաւորուի, ե՛ւ կրնայ մեռնիլ: Բայց, մեռնելէն վախցող ժողովուրդը ո՛չ կրնայ ապրիլ ու դիմանալ, ո՛չ ալ իրաւունք ունի ապրելու՝ իբրեւ ուրոյն գոյութիւն, իբրեւ ջոկ անհատականութիւն: Եւ իր վախովը ան չազատիր մեռնելէ. միայն կը մեռնի քաշքշուելով, հիւծուելով, արհամարհուելով ու ոտքի տակ երթալով:

Ինչի՞ է նման ամէն արժանիքէ զուրկ ու ստորին ազգային գոյութիւն մը: Արդի ու անցեալ մեր բոլոր հալածանքը, մեր բոլոր տառապանքը, մեր մարդկային արժանապատուութեան այս բոլոր լեղին, եթէ մենք կը խմենք, կը խմենք միայն մէ՛կ նպատակով, որ դիմադրենք, մաքառինք, յանձն առնենք ամէն ինչ, մինչեւ որ հայութիւնը տիրանայ իր բոլոր իրաւունքներուն, իր ամբողջական եւ անկախ հայրենիքին:

 Լ. ՇԱՆԹ

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.