Մեր Ազգին Պարտադրուող «Խաղաղութեան Օրակարգ»ը Բոլորովին Կեղծ է. Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին յայտարարութիւնը
Յունաստանի պետութեան հրաւէրով, Աթէնք կը ժամանէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, իր շքախումբով։ Նախատեսուած են որոշ հանդիպումներ Յունաստանի պետական այրերուն հետ, ի տես բազմաոլորտային կարեւոր համագործակցութեան, որ առկայ է երկու երկիրներուն միջեւ։
Հայաստանի վարչապետի Յունաստան ներկայութեան առիթով, կ՚ուզենք անդրադառնալ այն հարցերուն, որ մեր ազգը եւ հայրենիքը կը դիմագրաւեն եւ որոնք կը բխին Արցախի դէմ ազրպէյճանի սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմէն, անոր յաջորդած Սեպտեմբեր 2023-ի Արցախի հայաթափման իրավիճակէն, Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ սպառնալիքներուն եւ արցախահայութեան ազգային իրաւունքներուն վերատիրացման սատարելու համահայկական անհրաժեշտութենէն։
Աշխարհաքաղաքական ու ռազմաքաղաքական փոփոխութիւններու ներկայ հանգրուանին, Հայաստանը եւ ամբողջ հայութիւնը կանգնած կը շարունակեն մնալ ճգնաժամի եւ լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ։ Մեր բոլորին գերխնդիրը պէտք է ըլլայ նոր կորուստներէ ու կենսական զիջումներէ հեռու մնալ եւ երբեք չթոյլատրել անվտանգային իրավիճակի վատթարացումը, ինչ որ խելահաս քայլեր պիտի նպատակադրէր մեր պետութեան կողմէ։ Այսուհանդերձ, անցնող ժամանակաշրջանին, բազմիցս ականատես դարձանք նոյնինքն Հ.Հ. վարչապետի կամ կառավարութեան դէմքերու անհեթեթ ու վտանգաւոր յայտարարութիւններուն կամ կեցուածքներուն, որոնք որեւէ վստահութիւն չեն ներշնչեր ապագային համար։
Կ՚ահազանգենք անգամ մը եւս, թէ թուրք-ազրպէյճանական վտանգաւոր զինակցութեան հետեւանքով մեր ազգին պարտադրուող «խաղաղութեան օրակարգ»ը բոլորովին կեղծ է, որուն պէտք է հակադրել մեր ազգային-պետական շահերէն բխող իրական ու արժանապատիւ պայմաններ, ապահովելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը եւ անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի բնիկ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ մեր ժողովուրդի ապագան։ Այս յաջողցնելու համար, անհրաժեշտ է ազգային միասնականութիւնը եւ ոչ թէ կառավարական դէմքերէ հնչող պառակտիչ յայտարարութիւններու կամ գործողութիւններու շարքը, որ երբեմն Սփիւռքը կը թիրախաւորեն, երբեմն Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքները, երբեմն Հ.Յ.Դաշնակցութեան երեւելի ու ղեկավար դէմքերը, երբեմն մեր ազգային տեսլականները, իսկ հիմա այլեւս մեր հարազատ պատմութիւնը, ազգային սահմանադրութիւնը եւ հայ ազգի խորհրդանիշները։
Կ՚ահազանգենք մասնաւորապէս Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ հայ-ազրպէյճանական տարօրինակ բանակցութիւններուն մէջ հայկական կողմի պարտուողական դիրքորոշումներուն, ամէն ինչ զիջելու պատրաստակամութեան համար, որոնք լուրջ վտանգի տակ կ՚առնեն հայութեան ներկան ու ապագան։
Ցեղասպան թուրքիոյ եւ անոր գործակից ազրպէյճանի հայաջինջ քաղաքականութիւնը առկայ է ու վտանգաւոր։
Մենք անընդունելի կը գտնենք որեւէ զիջողական տրամադրութիւն՝ թուրք-ազրպէյճանական կամ այլ հասցէներու կողմէ գործադրուած ճնշումներուն դիմաց, յանուն ամբողջ հայութեան, յանուն Արցախի ժողովուրդին եւ յանուն իրենց երիտասարդ կեանքը զոհած բազմահազար հերոսներուն:
Անընդունելի կը գտնենք Երեւան-անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորման մութ գործընթացը, կիսաբերան հնչած յայտարարութիւնները, ուրկէ կը պարզուի, թէ «խաղաղութեան օրակարգ»ը՝ իր խաբուսիկ խոստումներով, Հայաստանին ու Արցախին համար վնասակար եւ ի նպաստ ազրպէյճանին, բայց հայ ժողովուրդին կողմէ մերժելի լուծումներու կրնայ առաջնորդել։
Անընդունելի կը գտնենք մանաւանդ որեւէ ընկրկում, որեւէ զիջում արցախահայութեան իրաւունքներուն մէջ, որոնց պաշտպանութիւնը ամբողջ հայութեան վերապահուած է։
Լաւ կը գիտակցինք, որ խաղաղութիւնը բարձրագոյն արժէք է բոլոր ժողովուրդներուն եւ մանաւանդ հայ ազգին ու Հայաստանին համար: Խաղաղութիւնը կենսական է, սակայն խաղաղութիւնը կերտուած պիտի ըլլայ փոխադարձ յարգանքի ու արդարութեան հիմունքին վրայ, այլ ոչ թէ սակարկելով հերոսներու արիւնը, ազգի արժանապատուութիւնը, իրաւունքը եւ հպարտութիւնը, որոնց հանդէպ նախանձախնդրութիւնը գործն է ամէն մէկ ազգայինի եւ անշուշտ իշխանաւոր ղեկավարութեան:
Հայութեան յաւերժականութիւնը մեր բոլորի սուրբ պարտականութիւնն է։
Որպէսզի հայ ազգը դասուած մնայ այն ազգերու կողքին, որ պատմութիւն կը կերտեն, եւ ոչ թէ զայն կ՚այլանդակեն կամ կը ջնջեն։
Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Երեքշաբթի, 27 Փետրուար 2024
Աթէնք, Յունաստան
Comments are closed.