«Մենք պիտի յաղթենք եւ գալիք սերունդներուն համար պիտի ապահովենք սեփական հողին եւ հայրենիքին մէջ խաղաղ ու անվտանգ ապրելու ապագան: Ի գործ»:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է, որ ստորագրած է «Պաշտպանութեան մասին» Արցախի օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին խորհրդարանին կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուած օրէնքի նախագիծը: Անիկա Ազգային ժողովին ներկայացուած է նախագահին նախաձեռնութեամբ եւ կը կանոնակարգէ Արցախի մէջ զինուած պաշտպանութեան կամաւորութեան սկզբունքով աշխարհազօրի մասնակցութիւնը:

Նախագահ Յարութիւնեան գրած է. «Օրէնքի ընդունման անհրաժեշտութիւնը կը բխի ստեղծուած պատերազմական իրավիճակէն եւ նպատակ ունի պաշտպանութեան բանակին հետ միասին ալ աւելի ամրապնդելու մեր սահմաններուն պաշտպանութիւնը: Թշնամիին կողմէ մեր դէմ սանձազերծուած պատերազմին կը մասնակցին թէ՛ Թուրքիան, թէ՛ ալ հազարաւոր վարձկան-ահաբեկիչներ:

«Հայրենական սուրբ պատերազմի այս վճռորոշ պահուն անգամ մը եւս կը դիմեմ մեր ժողովուրդին համախմբուելու եւ ներդնելու բոլոր ջանքերը` վերջնական յաղթանակի հասնելու համար: Թշնամիին ողնաշարը ջարդելու եւ զայն մեր սահմաններէն ետ մղելու համար իւրաքանչիւրիդ անհատական մասնակցութիւնը կարեւոր է:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.