«Մենք պէտք է էլ աւելի մեծ եռանդով ու ուժով պայքարենք, որպէսզի ետ բերենք մեր կորցրածը». Ջիւան Աւետիսեան

«ՀՈՐԻԶՈՆ»ի հարցազրոյցը համաշխարհային մրցանակներու արժանացած բեմարդիչ ու ֆիլմարտադրող Ջիւան Աւետիսեանին հետ, որ բեմադրիչն է երկու տասնեակէ աւելի գեղարուեստական եւ վաւերագրական ֆիլմերու, որոնց միջոցով համայն աշխարհին կը ներկայացնէ Արցախեան պատերազմի մարդկային եւ ազգային երեսները։
«Ընդհատուած Մանկութիւն», «Դրախտի Դարպասը», «Վերջին Բնակիչը», «Թեւանիկ»։ Ֆիլմեր, որոնք վերջին տասնամեակին արժանացան միջազգային հեղինակաւոր մրցանակներու, որոնց հերոսները մշտապէս արցախցիներ են եւ նկարահանման հրապարակը՝ Արցախը։
Ջիւան Աւետիսեան իր առաքելութիւնը կը համարէ Արցախի մասին ֆիլմեր պատրաստելը եւ զանոնք աշխարհին ներկայացնելը. ան կը յայտնէ, թէ իր ֆիլմերով կ՛ուզէ պատժել աշխարհը:
– «Վերածնուածը» վերնագիրով ֆիլմին աշխատանքները սկսած է 2018ին։ Ֆիլմը պիտի անդրադառնար 2016ի պատերազմին, սակայն Սեպտեմբեր 2020ի սկսած պատերազմէն ետք բեմագրութիւնը վերամշակուած է եւ դէպքերը տեղափոխուած են 2020 թուական։ ֆիլմը հետաքրքրական պատմութիւնն է 4 հերոսներու, որոնց մանրամասնութիւնները ստեղծուած են իրական փաստերու վրայ։
– «Ես իմ ֆիլմերում ներկայացնում եմ ոչ թէ պատերազմը, այլ մարդուն, մարդկային ճակատագրերը, որոնք ինչ որ կերպ կրում են պատերազմի հետևանքները և ձգտում են խաղաղութեան՝ հոգու խաղաղութեան, մարդկային խաղաղութեան»
– «Մենք պէտք է էլ աւելի մեծ եռանդով ու ուժով պայքարենք, որպէսզի ետ բերենք մեր կորցրածը»։
– «Մենք բոլորս պարտուած ենք, բացի հայ զինուորից… Հիմա ժամանակը չէ տկարանալու կամ յուսահատելու, այլ, իբրեւ մէկ ազգ ու միասնութիւն՝ հասնելու Արարատին»։
– «Վերջին 44 օրեայ պատերազմին հասկացայ, որ ՄԱՐԴը պարտուած է գազանից։ Մենք պիտի շարունակենք ֆիլմեր արտադրել՝ կանխելու համար վերահաս պատերազմները»։
– «Պատերազմի առաջին իսկ ժամերուն, «Դրախտի Դարպասը» ֆիլմը հանուեց Մոսկուայի Միջազգային կինօփառատօնի հարթակից. մենք ականատես եղանք, թէ ինչպէս կարող է արուեստը խառնուել քաղաքականութեան հետ, ինչպէս կարող է «կոտրուել» արուեստի ձայնը՝ քաղաքական ճնշումների ազդեցութեամբ»։
Այսօր, 30 Մարտ 2021-ին, կը մեկնարկուի «Վերածնուածը» ֆիլմի նուիրահաւաքի crowdfunding-ի արշաւը Kickstarter հարթակին վրայ։ Մասնակցելու համար նուիրահաւաքի արշաւին սեղմել հոս՝
Հարցազրոյցի տեսանիւթը՝

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.