Մենք նետուած ենք պայքարի ասպարէզ մեր ժողովուրդին համար

Մենք այն քաղաքական ուժն ենք, որ չէ ստեղծուած հեշտ իրավիճակներու մէջ միայն գործելու առաքելութեամբ։ Մեր սևեռակէտը հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան ապահովումն է ընդդէմ բոլոր ներքին և արտաքին սպառնալիքներուն։

Կարօ Արմենեան

Մեզի հարց կը տրուի վերջերս, թէ արդեօ՞ք հպարտ ենք այն իրողութեամբ, որ մեր կուսակցութիւնը մաս կազմած է Նախ. Քոչարեանի և Նախ. Սարգսեանի գլխաւորած կառավարութեանց։ Արդեօ՞ք «մեղաւոր» կ՚ըզգանք այդ փաստին համար։ Արդեօ՞ք պատրաստ ենք զղջում յայտարարելու մեր անցեալի քաղաքական որոշումներուն համար՝ բաժին վերցուցած ըլլալով, այս երկու նախագահներու օրով, մեր անկախ պետականութեան կառուցման գործին մէջ։

Այս հարցադրութեան իմ անվարան պատասխանն է՝ «ԱՅՈ, հպարտ ենք առանց դոյզն վերապահութեան»։ Հպարտ ենք «հարիւր տոկոս», քանի որ իւրաքանչիւր պարագային մեզ առաջնորդողը եղած է — և է՛ — հայ անկախ պետականութեան ազգային գերագոյն շահը։ Ազգային գերամեծար նպատակներու վրայ համագործակցութեան դիմելու մեր աննահանջ նախանձախնդրութի՛ւնը։ Մեր համագործակցութիւնը երբեք չէ եղած քաղաքական անձնատւութեան հողին վրայ։ Դաշնակցութիւնը երբեք չէ եղած դիւրին գործընկեր։ Ոչ Նախ. Քոչարեանի և ոչ մանաւանդ Նախ. Սարգսեանի հաստատութիւնները մեզ չեն դիտած որպէս իրենց գաղափարական գործընկերը։ Մենք մտած ենք համագործակցութեան դաշտէն ներս մեր անկախ պետականութեան և մեր ժողովուրդին համար յստակ թիրախներ նուաճելու որոշումով և նուաճած ենք։ Յաճախ «գայլ»երու որջէն ներս գործելու քաղաքական պարտադրա՛նքը յանձն առնելով։

Պատմութիւնը դեռ շատ հեռու է իր վերջին խօսքը ըսած ըլլալէ ՀՀ երեք նախագահներու վիճակացոյցին մասին։ Եւ ներկայ իշխանութեան պետական այրերը և իրենց համախոհները վերջինը պէտք է ըլլան գնահատական տալու մեր երկրի վերջին երեսնամեակի բարդ գործընթացներուն։ Թող անոնք կեդրոնանան իրենց օրակարգին վրայ և փորձեն պարզճակատ դուրս գալ իրենց յանձն առած գործի կնճռոտ գործընթացներէն։

Մենք այն քաղաքական ուժն ենք, որ չէ ստեղծուած հեշտ իրավիճակներու մէջ միայն գործելու առաքելութեամբ։ Մեր սևեռակէտը հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան ապահովումն է ընդդէմ բոլոր ներքին և արտաքին սպառնալիքներուն։ Մենք այն ուժն ենք, որ միշտ պիտի դիմագրաւէ այդ բարդ մարտահրաւէրները առանց տուրք տալու ամբոխային տրամաբանութեան։ Մեզմէ մի ակնկալէք դիւրին ընտրութիւններ և կեղծ «յաղթանակ»ներ։ Մենք երբեք չենք չարաշահած մեր ժողովուրդի անունն ու զգացումները։ Ատոնք բոլշևիկեան բարքեր են, որոնք տեղ չունին Դաշնակցութեան գործի աւազանէն ներս։ Մենք նետուած ենք պայքարի ասպարէզ մեր ժողովուրդին համար։ Եւ այդ մէկը պիտի չփոխուի։

Գործի թէժ կրակներուն մէջ, Դաշնակցութիւնը նաև գործած է սխալներ. համբերած է ազգային միասնականութեան սիրոյն, երբ պէտք չէր համբերեր. ուզած է պատեհութիւն տալ ազգային համերաշխութեան, երբ ան այլևս նոր ձևաւորում պէտք էր ստանար։ Եղած են նաև այս ծանր պահերը։ Այս գնահատականը մեր ժողովները տուած են ի գործ դնելով ամենէն խիստ չափանիշները։

Ասոնք չեն, որ կը բնորոշեն Դաշնակցութեան գործը։ Դաշնակցութեան գործը ամէն օր բնորոշում կ՚ըստանայ մեր ազգային պայքարի պատնէշներուն վրայ, ուր կը գործեն նուիրումը, խիզախութիւնը, անսակարկ յանձնառութիւնը և հեռահայեաց և իմաստուն ռազմավարութիւնը։ Մեզ միշտ փնտռեցէք ժամանակի պահանջկոտ ռազմաբեմին վրայ ուր մեր հաւաքական ճակատագիրն է և մեր ժողովուրդի պատմական մեծ գրաւը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.