«Մենք Ժայռի Նման Ամուր Կանգնած Ենք». Թշնամին Սանձողները
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ օրերս խումբ մը լրագրողներ այցելած են Արցախի զօրամասերէն մէկը ու այնուհետեւ` մարտական դիրքեր:
«Փանորամա»-ի թղթակիցը կը գրէ․
Մեր «Վազ»-ը կ՛անցնի հացահատիկի արտերու մէջէն. դէպի դիրքեր տանող ճանապարհը այստեղով կ՛անցնի: Փոշոտ, ոլոր-մոլոր ճանապարհով մեքենան առաջ կ՛ընթանայ: Քամին պատուհաններէն ներս կը բերէ ճանապարհի փոշին, բայց ատիկա չի խանգարեր, որ լրագրողները դիրքեր բարձրանան երգելով:
Կը հասնինք դիրքեր: Սահմանի այս հատուածը այդ օրը պահող մեր զինուորները` Արարատը, Արամը, Սերկէյը, Յակոբը, միւսները իրենց տեղը կանգնած են:
Հակառակ դժուարութիւններուն, եղանակային ամենատարբեր պայմաններու մէջ հայ զինուորը կը շարունակէ է իր ծառայութիւնը:
Դիրքապահները կը ծանօթացնեն իրենց յենակէտի կացարանային պայմանները, կը շրջինք խրամուղիներով, ցոյց կու տան իրականացուած բարեկարգման աշխատանքները: Դիրքի տղաները քչախօս են, միայն կ՛ըսեն, որ ծառայութիւնը լաւ կ՛անցնի, իւրաքանչիւր զինծառայող գիտէ իր ընելիքը:
Դասակի հրամանատար, հարիւրապետ Սամուէլ Աղաջանեանի խօսքերով` նախորդ տարուան Ապրիլի համեմատ թէեւ լարուածութիւնը նուազած է, բայց, այդուհանդերձ, ամէն օր հակառակորդը կը խախտէ հրադադարը, կը կրակեն. «Մեր զինուորները շատ լաւ պատրաստուած են, ամուր կանգնած են դիրքը, իրենց նպատակը միայն այն է, որ մեր ժողովուրդը ըլլայ ամուր ու ապահով»:
Սամուէլ Աղաջանեանը կը նշէ, որ զինուորներուն բարոյահոգեբանական վիճակը բարձր է, ծառայութեան լաւ տրամադրուած են, իրենց պարտականութիւնները լաւ կը կատարեն, իսկ անոնք, որոնք կը դժուարանան, կ՛օգնեն, որ միւսներէն ետ չմնան:
Դասակի հրամանատարը կը վստահեցնէ` զինուորները իրենց լաւ կը զգան, բարեմաղթանքն ալ մէկն է. «Մեր ժողովուրդին միայն խաղաղութիւն կը մաղթեմ, թող չմտածեն, մենք այստեղ ենք»:
19-ամեայ Արարատ Սարդարեանը Արտաշատէն է: Բանակի մէջ կը ծառայէ մօտ մէկ տարիէ: Կ՛ըսէ` ծառայութիւնը առաջնագիծի վրայ կ՛անցնի շատ լաւ, իսկ դիրքերուն մէջ` ընտիր:
«Ես կը սիրեմ դիրքերուն մէջ ծառայութիւնը: Այստեղ աւելի հետաքրքրական է»,- կը նշէ Արարատը:
Ծնողներուն ալ համբերութիւն կը ցանկայ. «Քիչ մը ալ համբերեցէք` տուն կու գամ: Այստեղ շատ լաւ է, ինծի լաւ կը զգամ, որովհետեւ կարեւոր գործ կ՛ընեմ: Հայրենիքի սահման պահելը ինծի համար մեծ պատիւ է»:
Ժամկետային զինծառայող շարքային Սերկէյ Առուստամեանը, որ 19 տարեկան է, արդէն ութ ամիսէ կը ծառայէ: Երեւանցի Սերկէյը կ՛ըսէ, որ թէ զօրամասին, թէ խրամատին մէջ ծառայութիւնը կ՛անցնի հանգիստ: Ան երկու ամիս առաջ հանդիպած է ծնողներուն, բայց առիթը չ՛ուզեր բաց ձգել եւ կ՛ուզէ ծնողներուն փոխանցել, որ ծառայութենէն գոհ է:
«Ծնողներուս կ՛ուզեմ փոխանցել, որ չանհանգստանան, այստեղ լաւ է, ապահով: Ընդհանրապէս հանգիստ է, կրակոցներ չեն ըլլար»,- ժպտելով կ՛աւելացնէ շարքայինը:
Պայմանագրային զինծառայող Յակոբ Մարտիրոսեանը կ՛ըսէ` եթէ հակառակորդը փորձէ ոտնձգութիւն կատարել, ապա արժանի պատասխան կը ստանայ. «Մենք ունինք լաւ պատրաստուած զինուորներ, սպաներ, մեր անձնակազմը միշտ պատրաստ է»:
Ան նշեց, որ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ հակառակորդը փորձած է յատուկ գործողութիւններ իրականացնել այդ դիրքուն ուղղութեամբ, բայց չէ յաջողած. «Այս դիրքի ուղղութեամբ խոշոր յարձակում նախատեսուած եղած է, բայց անոնք չյաջողեցան, քանի որ խոցուած են»:
Հրաժեշտ կու տանք զինուորներուն, կը մաղթենք խաղաղ ու անփորձանք ծառայութիւն ու կը վերադառնանք զօրամաս:
Սահմանին, ամուր կանգնած են խաղաղութիւնը պահող, պարտադրող զինուորները: