ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ 107-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 22 Ապրիլ, 2022-ի երեկոյեան, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի ոգեկոչում, կազմակերպութեամբ՝ Գէմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբին:

Հանդիսութեան ներկայ էին, շրջանի հոգեւոր հովիւը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի անդամներ, Գանատայի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէնը, քաղաքական  հիւրեր, ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչը, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծն Գէմպրիճի տարբեր շրջաններէ ժամանած հայորդիներ:

ՀՄԸՄ Գէմպրիճի դրօշակակիր սկաուտներու առաջնորդութեամբ, սրահ մուտք գործեցին պատուոյ հիւրերը, որմէ ետք Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով հանդէս եկաւ Լուսիկ Արոյեան, ապա ներկայները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն: Բեմ բարձրացաւ օրուան հանդիսավար՝ Ալիս Նաճառեանը, որ անգլերէն լեզուով ամփոփ պատմական մը ներկայացնելէ ետք ողջունեց ներկաները, որմէ ետք ընկհ. Ցոլեր Մկրտիչեան հայերէն լեզուով փոխանցեց ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» եւ Գէմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբի խօսքը: Բեմ բարձրացաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղի անդամ՝ ընկ. Գարլօ Ահարոնեանը եւ մեկնաբանեց «Ախպերս ու Ես» երգը:

Օրուան պատգամաբերն էր, Գանատայի Հայ Դատի գործադիր տնօրէն ընկ. Սեւակ Պէլեանը: Ան իր պատգամի սկիզբը յայտնեց, թէ այսօրուան մեր հաւաքը դրական ապացոյց է, որովհետեւ հակառակ հայութեան դիմագրաւած ճնշումներուն, մենք չնհանջեցինք: Ընկ. Սեւակ յայտնեց նաեւ, որ այս օրը սուգի օր չէ այլեւս, այլ հպարտութեան օր է, որովհետեւ մենք չենք ճանչնար վախը եւ չենք ընդունիր որեւէ արգելք արդարութեան հասնելու ճանապարհին: Ան իր խօսքին մէջ նշեց,  թէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վերջին գործողութիւնները կը հանդիսանան Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութիւնը եւ նոր սպառնալիք են հայ ժողովուրդի գոյութեան: Պատմութիւնը կրկնուեցաւ 44-օրեայ Արցախեան պատերազմի ընթացքին, հայերու յիշողութիւնները վերանորոգելով, որոնք Ցեղասպանութեան պատճառով այժմ աշխարհով մէկ սփռուած են: Պելեան շեշտեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու  Արցախեան պատերազմը պէտք չէ այլեւս միայն խորհրդանշական հռչակագրերով նշուին, այլ ամենայն արագ միջոցին, պէտք է վճռական գործողութիւններու անցնիլ, որպէսզի կանխուի հերթական ցեղասպանութիւնը: Իր խոսքը ելզրափակելով ըսաւ, թէ Ցեղասպանութեան ժխտումը ունի ուղղակի հետեւանքներ եւ բառերը անբաւարար են այս իրադարձութիւնները կանխելու: Քաղաքական որոշումներու ընդմէջէն քաղուած դասերը էական նշանակութիւն ունին որոշումներ առնելու, կանխելու նոր ցեղասպանութիւններ: Մենք հաւաքական պատասխանատուութիւն ունինք միշտ միասնաբար գործելու, եւ ոչ թէ միայն այն ժամանակ երբ յարմար է քաղաքականապէս:

Ապա, յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան եւ իրենց զօրակցական խօսքերը ուղղեցին հայ ժողովուրդին եւ ներկաներուն  օրուան քաղաքական հիւրերը՝ Գանատայի խորհրդարանի անդամներ՝ Պրայըն Մէյ ( MP of Cambridge, Parliamentari Secretary to the Ministry of National Defence, Chair of Canada-Armenia Parliamentary Friendship Group), Դիմ Լուիզ (MP of Kitchener-Conestoga), Պարտիշ Չակկէր (MP of Waterloo), Վալըրի Պրատֆորտ (MP of Kitchener South-Hespeler), Մայք Մորիս (MP of Kitchener Centre), Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ՝ Պէլինտա Քարահալիոս (MPP of Cambridge), Գէմպրիճի քաղաքապետ՝ Քաթրին ՄըգԿէրի (Mayor of Cambridge), Քիչնըրի քաղաքապետ՝ Պէրի Վրպանովիչ (Mayor of Kitchener), Նորթ Տամֆրիսի քաղաքապետ՝  Սու Ֆաքսըն (Mayor of North Dumfries), Քարէն Րէտմէն (Waterloo Regional Chair), Ճան Կուտմէն (Staff Superintendent-Waterloo Regional Police Services), Տոնա Րիտ (City of Cambridge Councillor), Նիքոլաս Էմէթա (City of Cambridge Councillor).

Հանդիսութեան աւարտին, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ մոմավառութիւն, Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշարձանին մօտ: Ներկաները երգեցին «Ատանայի Ողբը», որմէ ետք Տէրունական Աղօթքով Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի107-ամեակի ոգեկոչումը հասաւ իր աւարտին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.