Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեան

Կիպրոսի Կրթութեան եւ Մշակոյթի Նախարարութիւնը, գործակցութեամբ Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի գրասենեակին, նախաձեռնած է «Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեան»ի պատրաստութեան, զոր պիտի ընդգրկէ 1924 թուականին Նիկոսիոյ մէջ հիմնուած Հաստատութեան 79-ամեայ կրթական, մարզական, արի-արենուշական, արհեստից վարժարանի, ընկերային եւ մշակութային գործունէութեան պատմութիւնը:

Այս ազնիւ եւ վսեմ նպատակին համար կեանքի կոչուած յատուկ յանձնախումբը շաբաթներէ ի վեր լծուած է արժէքաւոր նիւթերու եւ կարեւորագոյն պատկերներու ընտրութեան աշխատանքին՝ Հաստատութեան տեղւոյն պատասխանատու մարմնին կողմէ տրամադրուած պահոցներուն մէջ:

«Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեան»ը առաւելագոյնս ամբողջական եւ լիակատար դարձնելու նպատակով կը դիմենք աշխարհասփիւռ մելգոնեանցիներուն, ուսուցիչներուն, պաշտօնեաներուն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի թանգարաններուն, Հաստատութեան ազգանուէր գործունէութեան վերաբերեալ պատկերներ եւ վաւերական նիւթեր տրամադրելու խնդրանքով, ինչի համար նախապէս կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը:

Ջերմապէս կը փափաքինք, մինչեւ 31 Մայիս, 2022 թ., ստանալ Ձեր տրամադրութեան տակ եղած արժէքաւոր լուսանկարները եւ բնագիր նիւթերը՝ պատկերահանուած բարձրորակ եղանակով (300 dpi resolution):

Վերոյիշեալ պատկերները եւ վաւերական նիւթերը բարի եղէք առաքել հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Representative Office
46E Ifigeneias street, 2007 – Strovolos
Tel: 22–454540

Email: office@armenianmp.com

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
ՄԿ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.