«Մարտական Խաչ» Շքանշաններ Եւ «Արիութեան Համար» Մետալներ` ՀՅԴ Նահատակ Կամաւորներուն

14 ապրիլին, Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան»-ի անուան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան գումարտակի նահատակներու պարգեւատրման արարողութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով` 27 սեպտեմբեր 2020-ին թշնամիին սանձազերծած լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ժամանակ ցուցաբերած բացառիկ քաջութեան ու արիութեան համար պարգեւատրուեցան ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» գումարտակի նահատակ կամաւորները:

Պարգեւները յանձնեցին Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, Արցախի հերոս, զօր. Վիթալի Բալասանեան, ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում»-ի գումարտակի հրամանատար Հարմիկ Յովսէփեան, ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում»-ի գումարտակի ընդհանուր հրամանատար Արտաշէս Մխիթարեան:

Յետմահու «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշաններ ստացան Մհեր Յարութիւնեան եւ Գեղամ Մուշեղեան, «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշաններ` Քրիստափոր Արթին, Կիմ Խաչատրեան եւ Մայիս Նազարեան:

Նահատակ միւս մարտիկները` Գէորգ Հաճեան, Տաւրոս Աբրահամեան, Տիգրան Ասատրեան, Աբրահամ Բարնջեան, Կարէն Բադալեան, Դանիէլ Թովմասեան, Երուանդ Թադեւոսեան, Մանուկ Թորոսեան, Արկադիա Իսրայէլեան, Ալպերթ Խառատեան, Արման Խաչատրեան, Սուրէն Յովսէփեան, Յովհաննէս Յովհաննիսեան, Մանուկ Մարգարեան, Արշակ Մելիքեան, Արկադի Միսկարեան, Ալպերթ Մկրտչեան, Արայիկ Մկրտչեան, Վիգէն Մուրատեան, Յովհաննէս Պետրոսեան, Նարեկ Սահակեան, Գոռ Սարգսեան եւ Սուրէն Վանցեան արժանացան «Արիութեան համար» մետալի:

Պարգեւները ստանձնեցին անոնց զաւակները, կիները եւ ընտանիքի անդամները:

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Հրանդ Մարգարեան, որ դիտել տուաւ, թէ պատերազմին միշտ ալ նահատակներ եղած են ու պիտի ըլլան` աւելցնելով. «Երբ հոգեհանգստեան արարողութիւններու կը մասնակցէի եւ այցելութիւններ կը կատարէի, նահատակ ընկերներուն հարազատները յաճախ, պահանջելու, նախատելու կամ յանձնարարելու պէս կը կրկնէին` «միայն թէ արդիւնք ըլլայ»:

«Իսկ այժմ արձանագրուած է պարտութիւն, աւելի ճիշդ` մենք յանձնուած ենք թշնամիին, անձնատուր եղած ենք, ամօթ մեզի: Ու ցաւը մեծ է, մրմուռը տնաքանդ ըրած է մեր բոլորին հոգիները: Սակայն այսպէս շարունակելու իրաւունք չունինք», ըսաւ «Կամաւորական շարժում»-ի նախագահը:

Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, որ պարտաւոր ենք ապահովել արդիւնք, ազատագրել Շուշին, Հատրութը, ամբողջ Արցախը: Պարտաւոր ենք կռիւը շարունակել եւ յաղթել:

Խօսք առաւ բժիշկ, ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ երբեք պէտք չէ նսեմացնել նահատակներուն հերոսականութիւնը եւ երբեք չըսել, թէ ի զուր եղաւ ամէն ինչ: Ան ընդգծեց, որ մեր տղաքը ո՛չ միամտաբար, ո՛չ ալ պակաս կազմակերպուածութեան զոհ դարձան, այլ կամաւորաբար իրենց առաջադրանքը կատարեցին, իրենց նուիրումը դրսեւորեցին իրենց հայրենիքին հանդէպ:

Ձեռնարկին խօսք առաւ նաեւ Մելիք Գարագաւորեան, որ նշեց, թէ 44-օրեայ պատերազմի առաջին իսկ օրէն շատեր կը նախատեսէին, որ այս պատերազմը տարբեր պիտի ըլլայ նախորդ բոլոր կռիւներէն, առաջին իսկ օրէն ակնյայտ էր, որ պիտի պատերազմէինք մէկէ աւելի երկիրներու եւ գերարդիական զէնքերու դէմ, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական խիստ անբարենպաստ պայմաններու առկայութեամբ:

«Սակայն անընդունելին ու անհանդուրժելին սեփական իշխանութեան դաւաճանական վարքագիծն էր, սեփական իշխանութիւններու կազմակերպած անկազմակերպուածութիւնն էր, եւ մենք ատոր ականատեսը եղանք ամբողջ պատերազմի ընթացքին», ըսաւ Մելիք Գարագաւորեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.