Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը հրապարակեց 2014 թուականին Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած եւ խոշտանգուած` Տաւուշի մարզի Վերին Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչ Մամիկոն Խոջոյեանի եւ Չինարի գիւղի բնակիչ Կարէն Պետրոսեանի գործերով վճիռները: Դատարանը հաստատեց, որ Պաքուն խախտած է հայ գերիներու կեանքի իրաւունքը, խոշտանգումներէ, խտրականութենէ զերծ մնալու, ազատութեան, անձնական անձեռնմխելիութեան իրաւունքները: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը իր վճիռով կը պարտադրէ, որ Ազրպէյճան իւրաքանչիւր գործով վճարէ 40 հազար եւրօ: Նշենք, որ 77-ամեայ Մամիկոն Խոջոյեան գերեվարուած էր յունուար 2014-ին, երկու ամիս ետք` 4 մարտին, ան վերադարձուեցաւ Հայաստան, սակայն կարճ ժամանակ ետք մահացաւ: Դատաբժշկական փորձաքննութիւնը ցոյց տուաւ, որ Խոջոյեանի մահուան պատճառը եղած է մարմնի ընդհանուր թունաւորումը: Կարէն Պետրոսեան 7 օգոստոս 2014-ին` մոլորելով, կտրեց սահմանը, յայտնուեցաւ ազրպէյճանական գիւղի մը մէջ: Կարճ ժամանակ անց Ազրպէյճանի իշխանութիւնը զայն ձերբակալեց, յաջորդ օրն ալ յայտարարեց, որ ան մահացաւ սրտի կաթուածէ:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը հրապարակեց 2014 թուականին Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած եւ խոշտանգուած` Տաւուշի մարզի Վերին Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչ Մամիկոն Խոջոյեանի եւ Չինարի գիւղի բնակիչ Կարէն Պետրոսեանի գործերով վճիռները: Դատարանը հաստատեց, որ Պաքուն խախտած է հայ գերիներու կեանքի իրաւունքը, խոշտանգումներէ, խտրականութենէ զերծ մնալու, ազատութեան, անձնական անձեռնմխելիութեան իրաւունքները:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը իր վճիռով կը պարտադրէ, որ Ազրպէյճան իւրաքանչիւր գործով վճարէ 40 հազար եւրօ:

Նշենք, որ 77-ամեայ Մամիկոն Խոջոյեան գերեվարուած էր յունուար 2014-ին, երկու ամիս ետք` 4 մարտին, ան վերադարձուեցաւ Հայաստան, սակայն կարճ ժամանակ ետք մահացաւ:  Դատաբժշկական փորձաքննութիւնը ցոյց տուաւ, որ Խոջոյեանի մահուան պատճառը եղած է մարմնի ընդհանուր թունաւորումը:

Կարէն Պետրոսեան 7 օգոստոս 2014-ին` մոլորելով, կտրեց սահմանը, յայտնուեցաւ ազրպէյճանական գիւղի մը մէջ: Կարճ ժամանակ անց Ազրպէյճանի իշխանութիւնը զայն ձերբակալեց, յաջորդ օրն ալ յայտարարեց, որ ան մահացաւ սրտի կաթուածէ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.