Մանկապատանեկան «Հորիզոն», Հոկտեմբեր 2016 – PDF տարբերակը կցուած

Առաջին էջ

Մեր խօսքը

Սիրելի՛ աշակերտներ

Դպրոցական կեանքը արդէն ընթացքի մտած է, մէկ ամիս անցած է վերամուտէն: Վստահ ենք, որ բոլորդ ալ կեդրոնացած կը հետեւիք ձեր դասերուն, միեւնոյն ժամանակ հաճելի ժամանակ կ’անցընէք ձեր դասընկեր-դասընկերուհիներուն հետ, ինչպէս նաեւ ձեր ուսուցիչներուն:

Ձեր դասերուն կողքին հարկ է նաեւ մասնակցիլ մեր ազգային եւ եկեղեցական կեանքին: Նախընտրելի է եկեղեցի եւ ակումբներ յաճախել, իւրաքանչիւրդ իր նախասիրութեան համաձայն:

Մեր փափաքն է, որ ոչ միայն ամէն ամիս կարդաք մեր «Մանկապատանեկան»ի էջերը, այլ նամակ գրէք մեզի, որուն մէջ յայտնէք ձեր կարծիքը, ձեր առաջարկները, կամ ձեր գրութիւններն ու շարադրութիւնները, զորս սիրով կը տպենք յաջորդ թիւին մէջ: Չմոռնաք նաեւ բազմագէտին հարցումներուն պատասխանել, բախտաւոր մասնակիցը կը ստանայ նուէր «Հորիզոն»ի կողմէ:

Անհամբեր կը սպասենք ձեր նամակները:

 

ՍԵՐՈԲ ԱՂԲԻՒՐ

(ՍԵՐՈԲ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ)

Ծնած է 1864ին Ախլաթ գաւառի Սոխորդ գիւղը: Մինչեւ 21 տարեկան կը զբաղի որսորդութեամբ: 1891ին կ’անցնի Պոլիս, իսկ 1892ի վերջերուն կը յաջողի անցնիլ Ռումանիա եւ հաստատուիլ Սուլինա քաղաքը, հոն կը հիմնէ սրճարան մը, որ ժամադրավայրը կ’ըլլայ հայ պանդուխտներուն:

1893ին մաս կը կազմէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան: 1895ի աշնան զինուած խումբով մը Կովկաս կը մեկնի եւ կը հասնի Ախլաթ: 1895-1896ի տարիներուն կը ստանձնէ Ախլաթի ինքնապաշտպանութիւնը:

1897ին կառավարութիւնը կը սկսի բացայայտ եւ անողոք կերպով հալածել հայ ֆետայիները: Այդ հալածանքները տեղի կու տան շարք մը ընդհարումներու, որոնցմէ յիշատակութեան արժանի է 1898ի Հոկտեմբեր 20ի Բաբշէնի կռիւը, որ կ’աւարտի Սերոբի փայլուն յաղթանակով, եւ որուն շնորհիւ ան կը ստանայ «փաշա» անունը:

Մատնիչ գեղաշէնցի Աւէին գործակցութեամբ կը թունաւորուի Սերոբը ծխախոտի միջոցով: Թունաւորման յաջորդ օրը, 25 Հոկտեմբեր 1899ին Պշարէ Խալիլի գլխաւորութեամբ զօրքը կը պաշարէ Սերոբին իջեւանած տունը: Զինուորները կը խուժեն եւ կը կտրեն Սերոբի գլուխը:

Մէկ-երկու ամիս ետք Գէորգ Չաւուշ բնաջինջ կ’ընէ գեղաշէնցի Աւէն եւ իր ընտանիքը: Իսկ 1900ի կէսերուն, երբ Պշարէ Խալիլ Մուշէն Բռնաշէն կը վերադառնար, Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի եւ Մակարի գլխաւորութեամբ ֆետայիները կը բռնեն զայն, կը կտրեն գլուխը եւ կը տանին Սասուն ցուցադրելու բոլորին, ինչպէս կառավարութիւնը Մուշ տարած էր Սերոբի գլուխը:

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ

Թարգմանիչ վարդապետներուն յիշատակը Հայ եկեղեցին կը տօնէ տարին երկու անգամ՝ մեր սուրբ թարգմանիչ վարդապետներուն՝ Սահակին եւ Մեսրոպ Մաշտոցին, եւ անոնց սուրբ աշակերտներուն՝ Եղիշէ Պատմիչին, Մովսէս Քերթողին, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփային, Գրիգոր Նարեկացիին եւ Ներսէս Կլայեցիին ի յիշատակ: «Թարգմանիչ» ընդհանուր անուան տակ կը յիշատակուին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին եւ Ս. Սահակ Պարթեւին աշակերտած շուրջ հարիւր աշակերտները:

ԳԻՒՏ Ս. ԽԱՉԻ

327 թուականին բիււզանդական Կոստանդիանոս կայսեր մայրը` Հեղինէն, Տիրոջ խաչը գտնելու նպատակով կ’այցելէ Երուսաղէմ: Կը յայտնաբերուին Յիսուսի եւ խաչակից երկու աւազակներուն խաչերը: Տիրոջ խաչը ճանչնալու համար պատանիի մը դիակը հերթով կը դնեն անոնց վրայ, խաչերէն մէկուն վրայ պատանին յարութիւն կ’առնէ, այդպիսով տէրունական խաչը կը ճանչցուի: Խաչափայտին գիւտէն ետք Հեղինէն Գողգոթային վրայ կը կառուցէ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին, ուր յետագային կը զետեղուի Տիրոջ խաչափայտը:

 

 Երկրորդ էջ

Հեքիաթ

Թագաւորին հնարքը

Ժամանակին թագաւոր մը, փորձելով իր հպատակները, հսկայ քար մը զետեղել կու տայ ճամբուն մէջտեղը: ԱՆ, ծպտուած ու պահուըտած, կը հետեւի անցորդներուն, պարզապէս գիտնալու համար, թէ ո՛վ պիտի մտածէ ժայռը ճամբուն մէջտեղէն վերցնելու մասին:

Թագաւորին բարեկամները, վաճառականներ եւ այլ հպատակներ, բոլորն ալ կ’անցնին ժայռին քովէն, բայց ոչ մէկը կը փորձէ ժայռը տեղէն վերցնել: Շատեր նոյնիսկ կը մեղադրեն թագաւորը, որ չի հրահանգեր ժայռը վերցնել ճամբուն մէջտեղէն:

Օր մըն ալ, բանջարեղէններով բեռնաւորուած գիւղացի մը կ’անցնէր այդ ճամբէն: Տեսնելով ժայռը ճամբուն մէջտեղը, ան իր բեռը մէկ կողմ կը դնէ եւ կը փորձէ շարժել ժայռը:

Բաւական ջանքէ ետք, վերջապէս կը յաջողի ժայռը ճամբուն եզերքը հրել: Յանկարծ ժայռին տակը տեղադրուած արկղ մը կը նկատէ, որուն մէջ ահագին ոսկի կար: Կար նաեւ գրութիւն մը թագաւորին կողմէ, որուն մէջ կ’ըսէր, թէ ոսկիները կը պատկանին անոր, որ յաջողէր ժայռը տեղափոխել:

Այսպիսով, գիւղացին կը հարստանայ եւ կը սորվի, թէ ով որ կը յաջողի արգելքները վերացնել, առիթը կ’ունենայ բարելաւելու իր վիճակը:

Ընդհանուր գիտելիքներ

Մատնահետքեր

Մարդուն մատնահետքերը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն անոր ինքնութեան ճշդումին մէջ: Արդարեւ ոճիրի մը պարագային, ոստիկանութեան առաջին պարտականութիւնը կը համարուի ոճիրի վայրին մէջ փնտռել ու գտնել մատնահետքերը: Այդ հետքերու յայտնաբերման պարագային կարելի է ճշդել ոճրագործին ինքնութիւնը, որովհետեւ ձիւնի փաթիլներուն նման որեւէ մարդու մատնահետքերը չեն նմանիր այլ մարդու մը մատնահետքերուն, նոյնիսկ եթէ այդ երկուքը երկուորեակներ են: Մատնահետքերու ընդհանուր գիծերը բացարձակապէս անփոփոխ կը մնան ծնունդէն մինչեւ մահ:

Նաւթի առաջացումը

Նաւթը կ’առաջանայ մեռած բոյսերու մնացորդներէն: Անոնք կը նեխին եւ կը սուզուին ծովին յատակը, ուր կը թաղուին հողի հաստ նստուածքներու տակ: Որքան խորը թաղուին այդ նստուածքները, այնքան ջերմաստիճանը կը բարձրանայ, եւ իւղանման հեղուկը եռալով կը զատուի օրկանական մնացորդներէն: Նաւթանիւթը կը թափանցէ ապարներու թակտիկներէն եւ կը ներծծուի աւազաքարի կամ կրաքարի մէջ: Այնտեղ նաւթը կը կուտակուի ապարի թակտիկներուն մէջ:

 

Գիտէի՞ր թէ

1.- Մարդ կը ծնի 300 ոսկորներով, բայց երբ չափահաս դառնայ կ’ունենայ միայն 206 ոսկոր:

2.- Տուրմը (շոքոլայ) աշխարհի առաջին տեղը կը գրաւէ որպէս համ, որմէ ետք կու գան վանիլը եւ պանանը:

3.- Կայծակը երկրագունդը 100 անգամ կը հարուածէ իւրաքանչիւր երկվայրկեանի մէջ:

4.- ադամանդ տաշելու միակ ձեւը, ուրիշ ադամանդ օգտագործելն է:

Երրորդ էջ

Գիտական

Արիւնը

Արիւնը կարեւոր է մեր մարմնի աշխատանքին եւ գոյատեւման: Ան կը փոխադրէ թթուածին եւ սննդանիւթեր, որոնք կը սնանեն մարմնի բջիջները, ինչպէս նաեւ այլ նիւթեր, որոնք կը պայքարին վարակներու դէմ: Չափահաս մը կ’ունենայ 5-6 լիթր արիւն:

Արիւնը կազմուած է երկու բաժիններէ

Ա.- Արիւնահեղուկ (plasma), որ կը կազմէ արեան 55%ը

Բ.- Երեք տեսակ բջիջներ՝ կարմիր գնդիկներ, ճերմակ գնդիկներ, թիթեղիկներ (platelets),

Այս երեք տեսակ բջիջները, որոնք կը կազմուին ոսկրածուծին մէջ, կը լողան ազատօրէն արիւնահեղուկին մէջ:

Կարմիր գնդիկները կը պարունակեն երկաթով հարուստ բնասպիտ մը՝ արիւնասպիտակուց (hemoglobin), որ կը փոխադրէ թթուածինը մարմնի բոլոր բջիջներուն:

Ճերմակ գնդիկները կը պաշտպանեն մարմինը ժահրերէ: Վարակի մը պարագային անոնք շուտով գործի կը լծուին եւ կը պայքարին յարձակող ժահրերուն դէմ:

Թիթեղիկները աւելի պզտիկ են քան կարմիր գնդիկները. անոնց պարտականութիւնն է արեան մէջ արիւնակոյտեր (blood clots) կազմել եւ արգելք հանդիսանալ արիւնահոսութեան:

Արիւնահեղուկը բնասպիտներով հարուստ դեղնորակ հեղուկ մըն է:

Մէկ կաթիլ արիւնը կը պարունակէ մօտաւորապէս 5 միլիոն կարմիր գնդիկներ:

Արեան խմբաւորումներու դասակարգումներէն ամենէն ընդհանրացածներն են.

  1. ABO դասակարգումը, որ ունի A, B, AB, եւ O խմբաւորումները.
  2. RH դասակարգումը, որ ունի Rh+ եւ Rh- խմբաւորումները.

Հիմնականօրէն մեզմէ իւրաքանչիւրը կ’ունենա՛յ հետեւեալ արեան 8 խմբաւորումներէն մէկը՝ ARh+, ARh-, BRh+, BRh-, ABRh+, ABRh-, ORh+ եւ RhO-:

Մեր երկիրը

Հայաստանի Անտառները

ՀՀ անտառները կը բաժնուին հետեւեալ խումբերուն

  • գլխաւոր կամ անտառը կազմող ծառեր
  • երկրորդական կամ ստորադաս
  • արժէքաւոր թուփեր
  • վայրի պտղատուներ

Գլխաւոր կամ անտառ կազմող տեսակները՝ հաճարենի, կաղնի, կարպենի եւ մայրի, դիմացկուն ամենախոշոր ծառերն են, որոնք կը գրաւեն առաջին շարքը եւ կը զբաղեցնեն մեծ տարածք։

Երկրորդական կամ ստորադաս տեսակները՝ թղկի, լորենի, հաւամրգի, թեղի եւ հացենի, ստուերասէր են, խոնաւասէր եւ կը զբաղեցնեն երկրորդ շարքը։

Լուսասէր եւ չորութիւնը դիմակայաող տեսակները՝ գիհի, վրացական թղկի, նշենի եւ խնկենի, կը կազմեն «լուսաւոր» անտառները։

Արժէքաւոր թուփերը՝ ձնծաղիկ, գերմաստի (բակլայ), մորենի եւ այլն, օժտուած են արտաքին միջավայրի անբարենպաստ պայմաններուն յարմարելու մեծ ունակութեամբ։

Վայրի պտղատուները՝ խնձորենի, տանձենի, սերկեւլի, կեռասենի, նշենի, սալորենի, ընկուզենի, կաղնի, կերասենի եւ այլն, կ’աճին բազմազան հողակլիմայական պայմաններու մէջ:

Միատեսակ ծառերէն կազմուած անտառները կը կոչուին զուտ, տարբեր տեսակներէն կազմուածները՝ խառն։

Հայաստանի անտառները լեռնային են, ունին հողապաշտպան, դաշտապաշտպան, ջրապաշտպան, ջրակարգաւորիչ եւ կլիմայակարգաւորիչ նշանակութիւն: Անտառները օդը կը հարստացնեն թթուածինով, կը բարձրացնեն օդի յարաբերական խոնաւութիւնը, կը մեղմացնէ կլիման, բարերար ազդեցութիւն կը ձգէ շրջակայ դաշտերու բերքատուութեան եւ մարդու առողջութեան վրայ:

Հայաստանի անտառներուն ընդհանուր տարածութիւնը կը կազմէ ՀՀ տարածքին 23.7%-ը: Վերջին հարիւրամեակին, մարդոց տնտեսական գործունէութեան պատճառով անտառներուն տարածքը 2 անգամով նուազած է: Անտառածածկ տարածքի ընդարձակման եւ լեռնալանջերուն անտառներուն բարելաւման նպատակով ՀՀ մէջ կը կատարուին արհեստական անտառատնկումներ:

Անտառներուն պահպանումը, պաշտպանութիւնը, վերականգնումն ու արդիւնաւէտ օգտագործումը, կարգաւորումն ու վերահսկումը կը կարգաւորուին ՀՀ անտառային օրէնսգիրով:

«Հորիզոն»ի Մանկապատանեկանի գունաւոր յաւելուածը PDF տարբերակով ներբեռնել (Download)

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.