Մայիս 16ին պիտի կայանայ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի առցանց նուիրահաւաքը

Նկատի ունենալով Հայ Դատի գործունէութեան օրէ օր ընդլայնող ու ճիւղաւորուող բնոյթը, ինչպէս նաեւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք հայութեան դիմագրաւած նորագոյն քաղաքական մարտահրաւէրները՝ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Մայիս 16ին պիտի նախաձեռնէ առցանց նուիրահաւաք, յանձնախումբի աշխատաքներու եւ Օթթաուայի գրասենեակի գործունէութեան խթանման համար։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Գանատայի տարածքին գործող ամենէն ազդեցիկ հայկական քաղաքական կառոյցն է եւ Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող իր յանձնախումբերով կը գործէ աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի առաքելութիւնն է պաշտպանել Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքները գանատական քաղաքական բեմին վրայ։

2006 թուականի Ապրիլ 25-ին բացումը կատարուեցաւ Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակին: Այդ օրուընէ սկսեալ, հոնկէ կը տարուի նպատակաուղղուած աշխատանք եւ արդէն իսկ,15 տարուան իր գործունէութեան ընթացքին գրասենեակը դարձած է տեղեկատուական ու բանակցային-յարաբերական ազդեցիկ կեդրոն:

Նուիրահաւաքի մանրամասնութիւնները ու Հայ Դատի յանձնախումբի պաշտօնական հաղորդագրութիւնը այս նախաձեռնութեան մասին շուտով կը հրապարակուին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.