Մամլոյ Ասուլիս. Դաշնակցութիւնը Կանգնած Է Արցախի Կողքին
ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան 29 յունուարին տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները Ստեփանակերտի մէջ: «Նորընտիր Բիւրոն ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի հանդիպումներ Արցախի ղեկավարութեան հետ եւ, վերադառնալով Հայաստան, անմիջապէս նոյն տեսակի հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի եւ վարչապետի հետ», տեղեկացուց ան:
Տէր Խաչատուրեանը նշեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին յայտնած են գործակցութեան պատրաստակամութիւն` ի շահ մեր հայրենիքին, երկու պետութիւններու եւ ի խնդիր Հայ դատի:
Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովին, նշեց, որ ինչպէս ՀՅԴ բոլոր ժողովները, այնպէս ալ այս մէկը եղաւ բուռն ու բովանդակային: «Այս Ընդհանուր ժողովը ՀՅԴ-ն որոշեց անցկացնել Արցախում, որն ունի լուրջ խորհուրդ: Մենք համարում ենք, որ հիմնական օրակարգային հարցը եղել եւ մնում է Արցախի հիմնախնդրի հայանպաստ լուծումը», նշեց ան եւ շեշտեց, որ հայկական երկրորդ պետութեան մէջ Ընդհանուր ժողով կը գումարուէր առաջին անգամ, եւ ատիկա խորհրդանշական էր:
«Դաշնակցութիւնն իր համասփիւռ կառոյցով ներկայ է Արցախում, կանգնած է Արցախի կողքին` ի պաշտպանութիւն Հայ դատի հանգրուանի: Բացի այդ` այս ժողովը եկաւ փարատելու բոլոր կասկածները, թէ իբր Դաշնակցութիւնը տարբեր շերտեր ունի, թէ իբր շարքերի եւ ղեկավարութեան միջեւ կան տարաձայնութիւններ: Բիւրոյի կազմի ընտրութիւնն էլ, որ տեղի ունեցաւ մէկ քուէարկութեամբ` 2/3-ից աւելի ձայներով, եկաւ փաստելու, որ ՀՅԴ-ն միակամ է եւ պատրաստ ստանձնել մարտահրաւէրները, եւ այդ առաքելութիւնն ունի մեր կուսակցութիւնը», ըսաւ Ռուստամեանը:
Նշենք, որ ՀՅԴ-ն 33-րդ Ընդհանուր ժողովէն յետոյ տարածած էր յայտարարութիւն, որուն մէջ կը նշուէր նաեւ, որ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի մասին համաձայնագրի` սեղմ ժամկէտներու մէջ կնքումը հրատապ անհրաժեշտութիւն է:
Հարցին, թէ ի՞նչ կ’ենթադրէ այդ ռազմաքաղաքական դաշինքը եւ ինչո՞ւ ճիշդ այսօր Դաշնակցութիւնը կը խօսի այդ մասին` ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուսատմեանը պատասխանեց, որ Դաշնակցութիւնն այդ հարցը բարձրացուցած էր վաղուց:
Ռուստամեանի համաձայն, առնուազն անոնք, որոնք քիչ մը երկար կենսագրութիւն ունին քաղաքական կեանքին մէջ, կը փաստեն, որ ռազմաքաղաքական դաշինքի հարցը Դաշնակցութիւնը վաղուց բարձրացուցած էր, ատոր մասին խօսած են երեւի 10 տարիէն աւելի:
«Միշտ դրա անհրաժեշտութիւնը կարեւորել ենք: Ռազմաքաղաքական դաշինքն, ըստ էութեան, մի կողմից` չի թուլացնի մեր դիրքերը բանակցային գործընթացում, միւս կողմից` կ’արձանագրի Հայաստանի եւ Արցախի անմիջական կապը: Այսինքն` այն ամէնն ինչ դէ ֆակտօ ունենք, դէ իւրէ իրաւական դաշտ բերելու իրաւական հարցն է լուծելու ռազմաքաղաքական դաշինքը: Այս խնդիրների հետապնդման հետ կապուած ճշգրիտ քայլեր ենք արել: Եթէ յիշէք, ժամանակին դեռ նախագահական ընտրութիւններին, երբ Վահան Յովհաննիսեանն առաջադրել էր իր թեկնածութիւնը, խօսել էինք չյարձակուելու մասին Ազրպէյճանի հետ ակտ կնքելու վերաբերեալ: Իսկ ապրիլեան պատերազմի հետեւանքներով մեր առաջարկութիւնն ընդունեց իշխանութիւնը, յանձնարարութիւն տուեց Ագն-ին, որ պատրաստի փաստաթուղթ», ըսաւ Ռուստամեան` աւելցնելով, որ այդ ամբողջ աշխատանքներուն մէջ Դաշնակցութիւնը միշտ ներգրաւուած եղած է:
Ռուստամեանի հաւաստմամբ` ՀՅԴ-ն ունի իր պատկերացումները, թէ ինչպէս պէտք է ըլլայ այդ ռազմաքաղաքական դաշինքը, եւ կը կարծեն, որ այսօր ալ իսկապէս ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումն անհրաժեշտութիւն է, աւելին` այդ անհրաժեշտութիւնը վաղուց հասունցած էր: «Այսօր ունենք լուրջ սպառնալիքներ Արցախի անվտանգութեան հետ կապուած` նոր պատերազմ հրահրելու Ազրպէյճանի մտադրութիւնների առումով: Պէտք է յստակ արձանագրենք, որ յարձակում Արցախի վրայ, նշանակում է` յարձակում Հայաստանի վրայ: Մեր միասնական անվտանգութեան համակարգի վերաբերեալ մենք մատնանշումներ արել ենք նախորդ բոլոր համագործակցութեան պայմանագրերում: Այսինքն` բացարձակապէս անհիմն են, եւ ես բացատրութիւն չեմ տեսնում այն յայտարարութիւնների մէջ, թէ Դաշնակցութիւնը նոր է յիշում սրա մասին: Գուցէ ուղղակի ոմանց պէտք է այդպէս ներկայացնել», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:
Ան նշեց նաեւ, որ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը ՀՅԴ-ի հետեւողական մօտեցումը եղած է եւ այսօր ալ ատոր մասին կը խօսին` այն գործնական դարձնելու համար: ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահին համաձայն, ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքման վերաբերեալ Դաշնակցութիւնն արդէն իսկ հանդիպած ու զրուցած է ինչպէս Արցախի նախագահի, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի հետ. «Գտնում ենք, որ պէտք է այդ դաշինքի կնքման` ճիշտ համաձայնեցուած քայլերը պայմանաւորենք, ճանապարհային քարտէզ մշակենք ու գնանք դրա կնքմանը: Կարծում եմ` սա պէտք է դառնայ մեր համաժողովրդական պահանջը` արցախահայութեան, Հայաստանի եւ սփիւռքի, որպէսզի մենք միասին արձանագրենք մեր միակամութիւնը` պաշտպանել մեր համահայկական շահերը` Արցախն ու Հայաստանը միասին վերցրած»:
ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ալ նշեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքման մասին Դաշնակցութեան համաժողովն ալ յստակօրէն արտայայտուեց` որդեգրելով նախկին մօտեցումները:
«Համաժողովն անհրաժեշտ գտաւ, որ ապրիլեան քառօրեայէն յետոյ եւ ներկայ իրավիճակէն ելլելով` մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմական գործողութիւններու` որեւէ ժամանակ սկսելուն: Ռազմաքաղաքական դաշինքն իրաւական հարթութեան վրայ կը բերէ Արցախի անվտանգութեան հարցին մէջ Հայաստանի դերակատարութիւնը», ըսաւ Տէր Խաչատուրեան: