Մահացաւ Վաստակաւոր Արուեստագէտ Վարուժան Մարտիրեանը

18 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ 87 տարեկանին մահացաւ վաստակաւոր ճարտարապետ եւ շինարար, քանդակագործ, արուեստի պատմութեան դասախօս, արմատներով մուսալեռցի Վարուժան Լէոն Մարտիրեանը:

Ան հեղինակ է հարիւրաւոր քանդակներու, մասնակցած է բազում ցուցահանդէսներու եւ տուած է անհատական ցուցահանդէսներ:

Վարուժան Մարտիրեան լիբանանահայ կեանքին մէջ իր ներդրումը ունեցած է, գործած է ազգային կեանքին մէջ, դասախօսած է Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի, ինչպէս նաեւ տարբեր համալսարաններու մէջ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին յաջորդող տարիներուն ան` խումբ մը այլ արուեստի գործիչներու հետ, ինչպէս` Պերճ Ֆազլեան, Զաւէն Խտըշեան եւ այլ արուեստագէտներ, մասնակից կը դառնայ «Կարտըն թաուր» պանդոկին մէջ կայացող հանդիպումներուն, ուր օրակարգի նիւթ կը դառնան լիբանանահայութիւնն ու ընդհանրապէս հայութիւնը եւ Հայաստանը յուզող հարցեր:

Վարուժան Մարտիրեանի կորուստը մեծ կորուստ է ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ հայկական արուեստի բնագաւառին, յատկապէս քանդակագործութեան մարզին համար: Բայց եւ այնպէս ան մեր իրականութեան մէջ կենդանի պիտի մնայ իր արուեստի գործերով, որոնք ժառանգ են յառաջիկայ սերունդներուն:

Comments are closed.