Մահացած Է Ղարաբաղեան Շարժման Ականաւոր Գործիչ Իգոր Մուրատեան

Կիրակի, 17 Յունիսին, Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Ղարաբաղեան Շարժման ակունքներուն կանգնած Իգոր Մուրատեան: ԱՆ վերջերս Ուաշինկթըն եղած էր բժշկական խնամք ստանալու: Իգորի անուան հետ կապուած են Արցախի Հայասատանին միանալու ստորագրահաւաքի նախաձեռնութիւնը եւ Արցախեան ժողովրդային առաջին ցոյցերու կազմակերպումը:

Եղած է 1987-88թթ-ի առաջին հանրահաւաքներու կազմակերպիչներէն մէկը, «Ղարաբաղ» կոմիտէի հիմնադիրներէն, նաեւ՝ կոմիտէի համակարգող: 1990-1995 թթ-ին եղած է Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր, Պաշտպանութեան եւ ներքին գործերու հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգով Մուրատեանի յուղարկաւորութիւնը պիտի կազմակերպուի պետականօրէն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.