Հ.Յ.Դաշնակցութեան հանդիպումները Եւրոպայի ընկերվարականներուն հետ

ՊՐԻՒՔՍԷԼ (Հ.Յ.Դ.մամլոյդիւան, 2017թ. Մայիս 30) – Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այսօր հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարներու Յառաջդիմական Դաշինք (Progressive Alliance of Socialists and Democrats) խմբակցութեան եւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ։

Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութեան ղեկավար Արմեն Ռուստամյանը. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Կիրոյ Մանոյեանը եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը։

Առաջին հանդիպումը կայացաւ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ, Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարներու խմբակցութեան ղեկավարներու հետ. կը մասնակցէին խմբակցութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով փոխ-նախագահ Վիքթոր Պոշթինարուն (Ռումանիա), Եւրոպական Խորհրդարանի Արտաքին հարցերու յանձնախումբին մէջ խմբակցութեան համակարգող Քնութ Ֆլեքընշթայնը (Գերմանիա) եւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեանղեկավար, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Սերգէյ Սթանիշեւը (Պուլկարիա) ։ Եւրոպացիներուն փոխանցուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին զարգացումներու մասին Հ.Յ.Դ.-ի գնահատականները եւ կեցուածքները. միասնաբար որոշումներ առնուեցան երկու խմբակցութիւններուն միջեւ 2016-ի Յուլիս 6-ին ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագրին հիման վրայ յառաջիկայ քայլերու մասին։

Երկրորդ հանդիպումը կայացաւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ, կազմակերպութեան միջազգային հարցերով գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Կիագոմօ Ֆիլիպէքի հետ։ Արծարծուեցան երկու կազմակերպութիւններու համագործակցութիւնը սերտացնելու եւ տարածաշրջանին մէջ համատեղ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու հնարաւորութիւնները։

1992-ին հիմնուած Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութիւնը (Ե.Ը.Կ. / PES)կը համախմբէ Եւրոպական 33 լիիրաւ անդամ ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավար եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ։ Եւրոմիութեան անդամ կամ անդամութեան թեկնածու պետութիւններէ ունի 13 գործակից անդամ կուսակցութիւններ եւ այդ տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երկիրներէ 12 դիտորդ կուսակցութիւններ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի դիտորդ անդամի կարգավիճակ։ PES-ի լիիրաւ անդամ կուսակցութիւններէ ութ ներկայացուցիչներ մաս կը կազմեն Եւրոպական Յանձնաժողովին (Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմին), ներառեալ՝ Յանձնաժողովի փոխ-նախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան և անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչՖետերիքա ‎Մոկերինին:Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, PES-ը միակ կուսակցութիւնն է, որ ունի Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր՝ 28 անդամ պետութիւններէն ընտրուած պատգամաւորներ, ընդհանուր՝ 190 պատգամաւոր, կազմելով Եւրոպական Խորհրդարանի երկրորդ մեծագոյն խմբակցութիւնը՝ Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարներու Յառաջդիմական Դաշինքը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.