ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ շրջաններու ներկայացուցիչները այցելեցին «Հորիզոն»ի խմբագրատուն

Հոկտեմբեր 10-ին «Հորիզոն»ի խմբագրատուն այցելեցին Մոնթրէալի մէջ կայացող ՀՕՄ-ի 72-րդ Համահայկական Պատգամաւորական ժողովին մասնակից ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Նորա Սեւակեան, ԱՄՆ-ի Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Անի Աթթար, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան, Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Համեստ Սասունեան, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեան, Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Կրասիէլա Գէորգեան, Ֆրասայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեւան Մարտիրոսեան, Պուլկարիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սոնա Խնկիկեան, Հիւսիսային Յունաստանի Շրջանային վարչութեան քարտուղարուհի Կիւլա Պէքթաշեան, Յունաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լիզէթ Գիրազեան, Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Անի Օհանեան եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գարօլին Շմաւոնեան։

«Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան ներկայացուց «Հորիզոն»ի անցած 40-ամեայ ճանապարհը եւ յառաջիկայ ծրագիրները լրագրական բնագաւառէն ներս։ «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը յաջողութիւն մաղթեց ՀՕՄ-ի 72-րդ Համահայկական Պատգամաւորական ժողովին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.