ՀՕՄ-ի Գլխաւոր Օրակարգն Է Արցախահայութեան Օժանդակելու Հիմնահարցը

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր 3-րդ լիագումար նիստը գումարեց 9-13 Յունուար 2024-ին, իր գրասենեակէն ներս (Պոսթոն- ԱՄՆ), որու ընթացքին լայնօրէն արծարծուեցան Միութեան՝ քարոզչական, ու կազմակերպչական գործելաձեւի վերաբերող հարցեր, վերարժեւորման ենթարկուեցան համահայկական հայրենիքի եւ սփիւռքի ներկայ ու ապագայ ծրագիրները:

Մնայուն կերպով Կեդրոնական վարչութեան հոգատարութեան կիզակէտը հանդիսացող բռնի տեղահանուած Արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները այս ժողովին եւս կազմեցին օրակարգի առաջնահերթ ու հիմնական բաժինները:

Հիմնուելով նաեւ ՀՕՄ-ի 73-րդ Համահայկական ժողովէն բխած Արցախահայութեան առնչուող բանաձեւերուն եւ ի մտի ունենալով արցախահայութիւնը իր հայրենի հողերուն վրայ պահելու ազգային հրամայականը, Կեդրոնական Վարչութիւնը միաձայնութեամբ որոշեց որդեգրել Հայաստանի գիւղերուն մէջ Արցախահայ ընտանիքներու բնակարաններ ապահովելու «Յոյսի օճախներ» խորագրեալ խիստ օգտաշատ ծրագիրը:

Որոշում տրուեցաւ նաեւ սատարել եւ նիւթապէս հովանաւորել ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնած, Արցախցի երիտասարդութեան համար աշխատանքի եւ մասնագիտանալու նոր դաշտեր բանալ միտող «Վերելք» ծրագիրի երկրորդ փուլը:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը լիագումարի ընթացքին առիթ ունեցաւ հանդիպելու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեանի եւ ընկեր Խաժակ Մկրտիչեանի հետ՝ ներկայութեամբ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՕՄ-ի կապ ընկեր Րաֆֆի Տօնապետեանին:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր գործնական քննարկումներով ու որոշումներով՝ ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի միաւորներուն աշխուժ գործունէութեան վրայ իր ամբողջական վստահութիւնը ամրապնդելով, վերահաստատեց իր ապագայ քառամեայ գործունէութեան ուղեգիծը։

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Comments are closed.