ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանը կը զօրակցի Արցախին եւ հայ զինուորին
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կրկին օգնութեան ձեռք կ՝երկարէ Արցախահայութեան եւ հայրենիքի պաշտպան զինուորին:
Սիրելի ՀՕՄ-ականներ եւ Հայրենակիցներ,
Այս ճակատագրական օրերուն, բոլորիս կիզակէտն է Արցախն ու Հայաստանը։ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը, Արցախի համար հանգանակուած գումարէն, նիւթական անմիջական ներդրում բերաւ երկու կարեւոր ծրագիրներու , որոնք պիտի օժանդակեն Արցախի սահմանամերձ գիւղերու մէջ ապրող հայութեան եւ պատերազմի արիւնոտ բովէն անցած մեր խիզախ զինուորներու վերականգնումին, ի մասնաւորի՝ Երեւանի Հաշմանդամ Զինուորի Վերականգնողական Կեդրոնի եւ Արցախահայութեան անմիջական կարիքներուն:
1) ՀՕՄի նորագոյն ծրագիրը՝ «Արեւային ջրատաքացման համակարգի» (Solar Panels program) որդեգրումը արցախի հանրապետութենէն ներս
Կեդրոնական Վարչութեան այս նոր ծրագրէն պիտի օգտուին Արցախի սահմանամերձ գիւղերու ընտանիքները, որոնք անցնող ձմռան ամիսներուն, կազի խողովակներու պայթումի հետեւանքով զրկուեցան իրենց տուները ջերմացնող միջոցներէ։
Ծրագիրը պիտի արժէ $224,000 ամերիկեան տոլար::
Շրջանային Վարչութիւնս նկատի առնելով հրատապ վիճակը, $100,000 ամերիկեան տոլար տրամադրեց այս ծրագրին, իսկ Արցախի կառավարութիւնը որոշեց նոյն համեմատութեամբ մասնակցիլ ծրագրին: Ծրագիրը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է:
Մեր նուիրատուութեան գումարէն մաս մը պիտի տրամադրուի շրջանիս հովանաւորած՝ Ստեփանակերտի Սօսէ մանկապարտէզի ջերուցման։
2) «Զինուորի Տուն» Վերականգնողական Կեդրոնի Սնունդի Ծրագիր
Հայ Օգնութեան Միութիւնը 2017 թուականէն սկսեալ կը գործակցի Երեւանի Թիւ 1 Հերացի Հիւանդանոցի մէջ գործող «Զինուորի Տուն» Վերականգնողական Կեդրոնին:
Իր միաւորներու եւ նուիրատուներու հովանաւորութեամբ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը տարիներու ընթացքին մասնակցած է կեդրոնի վերանորոգման, կահոյքի, դեղորայքի եւ յատուկ սարքերու ապահովման աշխատանքներուն, իրականցնելով զանազան ծրագիրներ:
Հոն անվճար բուժում ու խնամք կը ստանան յանուն հայրենիքի իրենց առողջութիւնը զոհած եւ հաշմանդամուած զինուորները: Թէեւ Հայաստանի կառավարութիւնը կը հոգայ անոնց բուժման ծախսերը, սակայն սնունդի, սարգերու եւ այլ ծախսերը կ՝ապահովեն անհատներ եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ որոնց կարգին է նաեւ ՀՕՄ-ը:
«Զինուորի Տուն» Վերականգնողական Կեդրոնէն ներս բուժում ստացող զինուորներուն սննդեղէնի տարեկան ծախսերը կ՚ենթադրեն $120,000 ամերիկեան տոլար:
Նկատի առնելով այս ծրագրի կարեւորութիւնը, Շրջանային Վարչութիւնս այս ծրագրին տրամադրեց $25,000 ամերիկեան տոլար ։
Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք մեր հերոս զինուորներուն, որպէսզի իրենց լիակատար առողջութիւնը վերագտնելով վերադառնան իրենց բնականոն կեանքին: