ՀՕՄ-ի Արցախի Մասնաճիւղը Իւրօրինակ Բերքի Տօն Կազմակերպեց Զինուորներուն Համար

Արցախի մէջ մեծ շուքով նշուող գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան կամ բերքի տօնին ընդառաջ Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի մասնաճիւղը նախաձեռնած է հերթական այցելութիւնը Արցախի զօրամասերէն մէկը: «Եկած ենք Արցախի այգիներու բերքն ու բարիքը, մեր ձեռքով պատրաստուած քաղցրեղէնը անձամբ հասցնելու մեր պաշտպաններուն, նաեւ մեր մայրական սէրն ու ջերմութիւնը փոխանցելու անոնց, որովհետեւ մեր ամէն մէկ խաղաղ վայրկեանին համար պարտական ենք անոնց»,- ըստ «Ապարաժ»-ի՝ զինուորներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է ՀՕՄ-ի Արցախեան գրասենեակի տնօրէն Սվետլանա Յարութիւնեան:

ՀՕՄ-ի «Այցելութիւն դիրքապահ զինուորուն» ծրագրին աջակցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակութիւն» խմբակցութիւնը: «Ուրախ եմ, որ իւրօրինակ բերքի տօն կազմակերպեցինք զինուորներուն համար: Կը կարծեմ, որ սա պէտք է շարունակական ըլլայ: Զինուորական ծառայութիւնը զինուորներու կեանքի այն շրջանն է, երբ անոնք պիտի լաւ սնուին եւ անհրաժեշտ է, որպէսզի զինուորներու ամենօրեայ ճաշացանկի մէջ մրգեր ընդգրկուին»,- շեշտած է ԱՀ ԱԺ պատգամաւոր, ՀՕՄ-ի անդամ Ռիտա Մնացականեան:

«Նման այցելութիւնները աւելի կը գօտեպնդեն, ուժ կու տան զինուորներուն,  որովհետեւ անոնք կը զգան, որ մենակ չեն, որ այստեղ ոչ միայն զինուորականներու հաւաքատեղի է, այլեւ ազգի»,- նշած է Զօրամասի հրամանատարի անձնակազմի հետ տարուող աշխատանքներու գծով տեղակալ, փոխգնդապետ Արա Քամալեան:

Վերջերս զօրակոչուած Գագիկ Եկմալեան վստահեցուցած է, որ ամէն գնով պիտի պահեն հողը, թշնամին ինչ որ ալ ընէ. «զինուորների համար այլ իրականութիւն է, երբ կը գիտակցիս, որ մենակ չես, որ քու կողքին կանգնած է ամբողջ ազգը: Ինչպէս Նժդեհը կ՛ըսէ, երբ ազգը բանակ կը դառնայ, անոր յաղթելը անհնարին է. մենք հիմա այդ ճանապարհի վրայ ենք»:

Անցնելով դիրք առ դիրք, ծանօթանալով զինուորների առօրեայ պայմաններուն, ՀՕՄ-ուհիները ականատես եղան, թէ զինուորները ինչպիսի հոգածութեամբ ու պատասխանատուութեամբ կը վերաբերին իրենց վստահուած հողակտորին եւ վստահեցուցին, որ թշնամիին դէմ-յանդիման կանգնած զինուորը միշտ կը գտնուի հայ մայրերու, կանանց ու քոյրերու ուշադրութեան կեդրոնին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.