ՀՕՄ-ի առաջամարտիկ ղեկավար՝ Վանուհի Իսաջանեանի յիշատակին

Ստորեւ «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի դամբանական խօսքը՝ յանուն ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէին, ընկհ. Վանուհի Իսաջանեանի յուղարկաւորութեան, Մոնթրէալի մէջ,29 նոյեմբեր 2021-ին։

Փարոս մըն էր, առաջնորդող,

Կանթեղ մըն էր՝ յոյս սփռող

Ճրագ մըն էր ՝ կենսունակող

Ճաճանչ մըն էր, կեանքեր լուսաւորող…

Աստ հանգչի Դաշնակցութեան զինուորագրեալ եւ ՀՕՄի առաջամարտիկ ղեկավար՝ Վանուհի Իսաջանեանը, որուն ողջ կեանքի աղօթքն ու հաւատամքը, ռազմերգն ու գաղափարախօսութիւնը՝ եղան Հայ ազգն ու Հայաստանը։

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պաշտօնը ստանձնեց մեր պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ այն ժամանահատուածին՝ երբ Արցախն ու հայրենիքը կ՚եռեւեփէին… Հայոց Ազատագրական պայքարի փոթորկաշունչ այդ հանգրուանին, խիզախօրէն առաջնորդեց Հայ Օգնութեան Միութեան անձնուրաց բանակը հայուհիներու, որոնք միահամուռ կանգնեցան Արցախեան գոյամարտի նուիրեալ ազատամարտիկներու զօրասիւներուն կողքին։

Չխնայեց իքնզինք, անսակարկ նուիրուեցաւ Արցախին ու Հայաստանին։

Ապագայ տեսլականի ու հեռատեսութեան տիրապետող ընկհ. Վանուհին, գիտէր, որ անհրաժեշտ է ձեռք երկարել երկրաշարժէն տուժած գիւղական բնակավայրերու բնակչութեան։ 1997ին, Իր օրով, ՀՕՄի նախաձեռնութեամբ հիմնուեցաւ Ախուրեանի Մօր եւ Մանկան առողջութեան Կեդրոնը, որ մինչ օրս անվճար բուժական ծառայութիւններ կը մատուցէ Ախուրեանի ու շրջակայ գիւղերու բնակչութեան եւ ուր անցնող 25 տարիներուն լոյս աշխարհ եկած են աւելի քան 18 հազար նորածիններ։

ՀՕՄ-ի ուխտապահ ընկհ. Վանուհիի անձնուիրութեանց ու զոհողութեանց համագումարն ու տարողութիւնը՝ հսկայածաւալ ու վիթխարի է: Իր պաշտելի կազմակերպութեան համար, ան հայկական բարեսիրական այդ ասպետութիւնը առաջնորդեց, որուն առաքելութեան հետեւորդ ուխտեալ բոլոր ասպետուհիներն ու խաչուհիները անխտիր, արժանի են հայ ժողովուրդի երախտագիտական զգացումներուն, այն խաչուհիները, որոնք ընկհ. Վանուհիին նման այսօր կը հաւատա՛ն եւ կը պայքարի՛ն ի խնդիր հայութեան արդար դատին։

Արցախեան Ազատամարտի օրերուն, ընկհ. Վանուհին եւ Հայ Օգնութեան Միութեան գթասիրտ քոյրերը դարձեալ պատնէշի վրայ գտնուեցան եւ գործօն մասնակցութիւն բերին ազատամարտի բարեյաջող ելքի գործընթացին մէջ: Եղան Սփոփանքը նահատակ ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, ՀՕՄ-ի մայրական հովանիին տակ առին որբացած երեխաները… պատերազմէն տուժած Արցախի կրթական համակարգին խթան հանդիսանալով՝ տարբեր գիւղերու եւ աւաններու մէջ հիմնեցին կրթական օճախներ:

Բանաստեղծ Մուշեղ Իշխան Հայ Օգնութեան Միութեան մասին հետեւեալ վկայութիւնը կատարած է. «Երբ հայ կինը կը զինուորագրուի Խաչով, ան ոչ միայն թանկագին նպաստ մը կը բերէ Օգնութեան Միութեան այնքա՜ն կենսական նպատակներուն, այլ նաեւ հոգեպէս եւ մտայնութեամբ կը դառնայ պայքարող հայ կին»։ Վանուհին սպառազինուած էր այդ խաչով եւ բարեսիրական իր գործադաշտը տարածեց չորս տարբեր բեւեռներու վրայ՝ Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք եւ Սփիւռք։ Իր ծանրաբեռնուած օրակարգերով հանդերձ՝ չվարանեցաւ հայութեան դիմագրաւած իրերայաջորդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ զօրաշարժի ենթարկելով ՀՕՄ-ի շարքերը նետուեցաւ գործի դաշտ։ Բովանդակ կեանք մը ՀՕՄ-ին նուիրաբերելով հանդերձ, Գանատայի մէջ իր ներդումը ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի կազմակերպական եւ միութենական աշխատանքներուն մէջ։

Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու երկրորդ սերունդի ներկայացուցիչ ընկհ. Վանուհին գիտակից էր, որ տարասփիւռ հայկական գաղթօճախներուն մէջ, հայ վարժարաններուն վիճակուած էր ազգային եւ հոգեւոր արժէքներով կրթել սերունդները եւ կերտել գաղափարապաշտ եւ ազգային իր պատկանելիութեան գիտակից հայ երիտասարդութիւն։ Այստեղ եւս լիովին կատարեց իր առաքելութիւնը եւ դարձաւ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի հիմնադրման մղիչ ուժերէն մէկը, գործնապէս նաեւ վեց տարի վարելով նորահաստատ վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։ Իբրեւ հայ մշակոյթի ջերմ պաշտպան՝ սպասարկեց նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, վարելով Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։

Իր դաւանագիրքին մէջ ամրագրուած էր մեծատառ եւ յստակ մէկ հասկացութիւն՝ Նուիրում։ Համապարփակ նուիրուածութեամբ Հայրենիքին, ժողովուրդին եւ Դաշնակցութեան ծառայելու գաղափարը։ Այդ բարոյական ընծայաբերումի բարձրակէտը հանդիսացան իր անձնազոհութիւնն ու անձնուրացութիւնը, մարդկային արժանիքներ, որոնք Վանուհիին փոխանցուած էին ՀՕՄ-ի անցեալի նուիրեալ առաջնորդներուն եւ գործիչներուն կողմէ։

Իր ողջ կեանքի ընթացքին՝ առաջնորդեց, սպասարկեց, ծառայեց։ Հայութեան ամէնէն դժուարին հանգրուաններուն առաջնագծին վրայ կանգնեցաւ անսասան, առաջնորդեց ՀՕՄ-ը մեր պատմութեան ամէնէն փոթորկայոյզ ժամանակներուն, սակայն իրեն վստահուած նաւը՝ անխորտակ հասցուց նաւամատոյց։ Իր հետեւորդներուն ներշնչեց մարդկային կամքի զօրութեան հաւատալու գաղափարով եւ իրենց մէջ խարսխեց դժուարութեանց դիմաց աներեր մնալու ու չընկրկելու ուժական ոգին։

Իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամագրուած հայորդի՝ եղաւ աննահանջ ու անզիջող Դաշնակցականի իր սկզբունքներուն գծով եւ անկոտրում կամքով մաքառեցաւ Հայ Դատի նուիրագործման ի խնդիր։ Մոնթրէալի ՀՅԴ «Միհրան փափազեան» կոմիտէի իբրեւ անդամ՝ միշտ գտնուեցաւ պատնէշի վրայ եւ հաւատարմօրէն կատարեց Դաշնակցական կոմիտէի անդամի իրեն վստահուած պարտաւորութիւններn ու առաջադրանքները։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմագրութեան մէջ մեզի ծանօթ զինատար հայդուկային խումբերու պատմութիւններու հետեւողութեամբ՝ կերտեց նաեւ իր դրուագը, երբ Արցախեան ազատամարտի օրերուն, սահմանային անցակէտերէն փոխադրեց անհրաժեշտը՝ ազատամարտիկներուն։

Դաշնակցութեան հիմնադիր Ռոստոմի իսկ բառերով՝ չկան մեծ ու պզտիկ գործեր. Ընկհ. Վանուհիին համար նոյնպէս չկային տարողութեամբ մեծ՝ կամ փոքր գործեր, կար միայն առաքելութիւն, կար Դաշնակցական հաւատաւոր գործիչի կողմէ մեր նահատակներու կիսատ գործի շարունակութիւն, մեր ժողովուրդի բովանդակ իղձերու՝ որն է՝ Ազատ ու բարօր, Անկախ ու հզօր, եւ Արցախով միաւորուած, Մէկ ու Միացեա՛լ Հայաստանի եւ Մէկ ու Միասնակա՛ն Հայութեան Երազի իրականացում։

Յոյսի, մխիթարութեան, բարերարութեան, անբասիր վարքի ու անձնուրացութեան արժանիքներով առլցուն սլացք էր Վանուհի Իսաջանեանի կեանքը։

Գերմանացի փիլիսոփայ Արթուր Շոփենաուըր հետեւեալ գեղեցիկ բնազանցական խօսքը ունի կեանքի ու մահուան մասին. «Կը հաւատամ, որ երբ մահը փակէ մեր աչքերը, պիտի զարթնինք նոր լոյսի մը մէջ… այնպիսի շողացող լոյս մը, որուն ստուերը արեւին լոյսը պիտի ըլլայ»: Այսօր Վանուհիի հոգին ու էութիւնը միաձուլուած են այդ լոյսին մէջ։ Միացած է Սօսէ Մայրիկին, Լոլա Սասունիին, խմբապետուհի Ռըպէին, հոն լոյսերուն մէջ։

Ցտեսութիւն ընկերուհի, մինչ հանդիպում անդրատենչ լոյսերուն մէջ:

Վահագն Գարագաշեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.