ՀՕՄ ՝ միշտ պատնէշին վրայ

Եթէ անցնող երեսուն տարիներուն համայն հայութիւնը իր օգնութիւններով կեդրոնացած էր ազատագրուած Արցախի հզօրացման եւ բոլոր մակարդակներու վրայ յառաջդիմութեան ու զարգացման վրայ, ապա այսօր, այդ նոյն հայութիւնը իր հայեացքը սեւեռած է անիրաւութեամբ, անխոհեմութեամբ եւ անհեռատեսութեան հետեւանքով գաղթական դարձած արցախցիին տուն, տեղ, սնունդ հանդերձանք ապահովելու հրամայականին վրայ։

Ահա իրողութիւն մը, որ անկարելի մարսել եւ անկարելի է ներել անոր հեղինակներուն, որոնք անկասկած, իրենց արդար պատիժը կ՚ստանան մեր ժողովուրդին կողմէ, ինչ պաշտօններու կամ պետական բարձր մակարդակներու վրայ գտնուին անոնք։

Այսօր որքան ալ քարոզչութիւն կատարեն, որ հազարաւոր արցախցիներ տուն կը վերադառնան, սակայն միւս կողմէ պէտք չէ մոռնալ, որ իրենց տունն ու տեղը կորսնցուցած ու անօթեւան դարձած հազարաւոր արցախցիներ գաղթականի կարգավիճակով կայք հաստատած են Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ եւ իրենց թափառական կեանքը կ՚ապրին, երազելով իրենց տունդարձը։

Ուրախալի է, որ նման իրավիճակի յայտնուած մեր հայրենակիցները առանձին չեն եւ հոգատարութեան կ՚արժանանան բարեսիրտ անհատներու եւ մանաւանդ բարեսիրական կազմակերպութիւններու կողմէ։ Այս իմաստով Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) ողջ ընտանիքը ոտքի է եւ հաւատարիմ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իր կարգախօսին, Արցախ-Ատրպեճանական պատերազմի առաջին օրէն իսկ, իր առաւելագոյնը ի գործ դնելով օգնութեան ձեռք կ՚երկարէ իր հայրենակիցներուն ապահով ու բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելով անոնց։ Եւ անյետաձգելի հրամայականէն մեկնած, ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւնը Երեքշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2020ի կէսօրէ ետք ժամը 2ին, պատուիրակութեամբ մը այցելեց Բրիւսովի Անուան Համալսարանի Ծաղկաձորի հանգստեան տուն եւ իր հերթական մարդասիրական ծառայութիւնը մատուցեց հոն ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած Արցախի զանազան քաղաքներէ գաղթականներուն։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Համեստ Պէօճէքեան, ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան անդամներ՝ ատենապետ Մարինէ Համբարձումեան եւ Սօսի Պօղոսեան,, ՀՕՄի Արեւելեան ԱՄՆի շրջանէն հայրենիք այցելած Սիլվա Պետեան, ՀՕՄի Հայաստանի գրասենեակի պատասխանատուներէն Անահիտ Նազարեան եւ յօդուածագիրս։ Պատուիրակութիւնը իր հետ նուէր տարած էր սննդամթերք եւ փոքրերու ձմեռնային տաքուկ հանդերձանք։ Այս այցելութիւնը ոչ միայն մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց փոքրերուն մօտ, այլ նաեւ երախտագիտութեանը արժանացաւ կեդրոնի տնօրէնութեան, որ լաւապէս ծանօթ ըլլալով ՀՕՄի առաքելութեան եւ գործունէութեան մեծապէս գնահատեց անոր մարդասիրական ծառայութիւնները։

Այնուհետեւ, Համեստ Պէօճէքեանի եւ Մարինէ Համբարձումեանի հետ այցելեցինք արցախեան վերջին մարտերուն քաջաբար մարտնչած եւ ի սէր հայրենի հողի պաշտպանութեան նահատակուած Հրազդանցի ազատամարտիկներ Արկադի Իսրայէլեանի եւ Մհեր Յարութիւնեանի (Ճուտ) ընտանիքներուն եւ սփոփանքի քաղցր խօսքերով փորձեցինք մեղմացնել անոնց վիշտը։ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ազգանուէր այս նախաձեռնութիւնը մեծապէս գնահատուեցաւ նահատակ ազատամարտիկներու ընտանիքներուն կողմէ, որոնք իրենց անսահման երախտագիտութիւնը յայտնեցին ՀՕՄին, իր հոգատար վերաբերմունքին համար։

ՀՕՄի Կեդրոնական եւ Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչները այցելած են զոհուած ազատամարտիկներու բազմաթիւ ընտանիքներ, ինչպէս նաեւ իրենց բնակարանները, կամ հիւանդանոցները բուժուող մեծ թիւով վիրաւոր ազատամարտիկներու, զրուցաած են անոնց հետ, խրախուսած են անոնց քաջագործութիւներն ու նուիրումը եւ իրենց մարդասիրական ծառայութիւնը մատուցած են անոնց։

ՀՕՄի մեծ ընտանիքը կը շարունակէ մարդասիրական իր ծառայութիւնները հայրենիքէն ներս եւ դուրս, շնորհիւ իր ղեկավարութեան, ժրաջան անդամներուն եւ մանաւանդ իրեն հաւատք ընծայող համակիրներու լայն շրջապատին։

ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.