Հրանդ Տինքի վերջին գրութիւնը՝ «Հոգեվիճակիս աղաւնիի անհանգստութիւնը »

22 տարի առաջ, Յունուար 19-ին, «Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինք գրեց իր վերջին յօդուածը։ Սպանուեցաւ Յունուար 19-ին, թիկունքէն երեք հրազէնային կրակոց ստանալով, խմբագրատան մուտքին։ «Նոր Յառաջ» թարգմանած է թրքերէնէ թարգմանած է Հրանդ Տինքի վերջին յօդուածը։

«Ակօս», 2007 Յունուար 19

Սկիզբը, Շիշլիի հանրապետական դատախազութեան իմ դէմ բացած «թրքութիւնը վարկաբեկել»-ու մեղադրանքով հարցաքննութիւնը չանհանգստացուց զիս:

Առաջինը չէր ատիկա: Նման դատի մը արդէն ընտելացած էի Ուրֆայէն: 2002-ին, Ուրֆայի մէջ կազմակերպուած դասախօսութեան մը ունեցած ելոյթիս “Թուրք չեմ… Թուրքիացի եմ” խօսքերուս պատճառաւ՝ «թրքութիւնը վարկաբեկել»-ու մեղադրանքով՝ երեք տարիէ ի վեր կը դատուէի: Տեղեակ չէի նոյնիսկ դատական նիստերու ընթացքէն: Բնաւ չէի հետաքրքրուեր: Ուրֆայէն փաստաբան ընկերներ իմ բացակայութեան կը հետեւէին նիստերուն:

Բաւական հանգիստ էի նաեւ երբ հարցաքննութեան գացի Շիշլիի դատախազին: Ի վերջոյ, կը վստահէի գրածիս եւ միտումիս: Դատախազը երբ գնահատականը կատարէր իմ գրութեան ամբողջութեան, եւ ոչ միայն առանձին կարդալու պարագային շատ բան չհասկցուող այդ նախադասութեան, ինք ալ դիւրութեամբ պիտի հասկնար, որ «թրքութիւնը վարկաբեկել»-ու նման նպատակ չեմ ունեցած եւ այս զաւեշտն ալ վերջ պիտի գտնէր:

Վստահ էի, որ հարցաքննութեան աւարտին՝ ոչ մէկ դատ պիտի յարուցուէր իմ դէմ:

 

Ես ինձմէ վստահ էի

Բայց, ո՜վ զարմանք: Դատը յարուցուած էր:

Ես նորէն ալ շարունակեցի լաւատես մնալ:

Այն աստիճան, որ հեռատեսիլի ուղղակի հաղորդուող յայտագրի մը ընթացքին երբ կապուեցան հետս՝ զիս ամբաստանող փաստաբան Քերինչսիզին ըսի նոյնիսկ. “Շատ մի ուրախանար, այս դատին որեւէ պատիժ պիտի չկրեմ. եթէ որեւէ պատիժի ենթարկուիմ՝ կը մեկնիմ այս երկրէն”: Վստահ էի ես ինձմէ. իսկապէս ալ բնա՛ւ չէի հետապնդած գրութեանս մէջ թրքութիւնը վարկաբկելու նպատակը: Յօդուածաշարքերուս հետեւողները շատ դիւրաւ եւ յստակ կերպով պիտի կարենային հաստատել ատիկա:

Նաեւ Իսթանպուլ համալսարանի դասախօսներէ բաղկացած երեք հոգինոց փորձագէտներու խումբին կողմէ դատարանին ներկայացուած տեղեկագիրն ալ ցոյց կու տար, որ ատիկա այդպէս է:

Հետեւաբար, ոչ մէկ պատճառ ունէի մտահոգուելու եւ դատին այս կամ այն փուլին անպայման ետդարձ պիտի կատարուէր գործուած սխալէն:

 

Միշտ “Ո՜վ համբերութիւն” ըսելով…

Բայց, չկատարուեցաւ այդ ետդարձը:

Հակառակ փորձագէտներու տեղեկագրին՝ դատախազը պահանջեց զիս պատժել:

Յաջորդեց դատաւորին՝ զիս վեց ամիս բանտարկելու որոշումը:

Երբ առաջին անգամ լսեցի դատապարտումի լուրը՝ էութիւնս զգացի դատավարութեան ամբողջ ընթացքին փայփայած յոյսերուս ցաւցնող ճնշումին տակ: Զարմացած էի… Ծայր աստիճան վշտացեր էի ու ընդվզեր:

“Նայեցէ՛ք, սա վճիռը թող յայտարարուի, անպարտ արձակուիմ, այն ատեն դուք պիտի տեսնէք՝ ինչպէ՛ս պիտի զղջաք ձեր խօսքերուն, գրութիւններուն համար”, կրկներ էի օրերով, ամիսներով:

Թերթերու լուրերուն, սիւնակագիրներու գրութիւններուն եւ հեռատեսիլի յայտագրերուն կը նշուէր, թէ դատի իւրաքանչիւր նիստին [իբրեւ թէ] “Թուրքին արիւնը թունաւոր է”, կ՚ըսեմ եղեր:

Իւրաքանչիւր անգամուն, զիս քիչ մը աւելի համբաւաւոր «Թուրքի թշնամի» կը դարձնէին:

Դատարանի նրբանցքներուն մէջ, ֆաշականները վրաս կը յարձակէին ցեղապաշտ հայհոյանքներով:

Ցուցատախտակներով նախատինքներ կը տեղացնէին: Հարիւրաւորներու հասնող եւ ամիսներէ ի վեր տեղացող հեռաձայնի զանգերու, ել-գիրերու, նամակներու միջոցով սպառնալիքները հետզհետէ կը բազմանային:

Այս բոլորին կը դիմանայի “ո՜վ համբերութիւն” ըսելով եւ անպարտ արձակուելու վճիռին սպասելով:

Չէ՞ որ, երբ վճիռը արձակուէր՝ ճշմարտութիւնը պիտի հաստատուէր ու այս բոլոր մարդիկը պիտի ամչնային իրենց ըրածին համար:

 

Միակ զէնքս՝ անկեղծութիւնս

Բայց ահա վճիռը արձակուած էր եւ բոլոր յոյսերս քայքայուած էին:

Արդարեւ, կը գտնուէի վատթարագոյն իրավիճակին մէջ, որ մարդ կրնայ յայտնուիլ:

Դատաւորը իր վճիռը արձակած էր «յանուն թուրք ժողովուրդին» եւ իրաւաբանականօրէն հաստատած էր իմ՝ «թրքութիւնը վարկաբեկած» ըլլալը:

Ամէն ինչի կրնայի դիմանալ, բայց անկարելի էր, որ դիմանամ ասոր:

Իմ ըմբռնումով՝ եթէ մէկը իր շուրջ ապրող մարդիկը վարկաբեկէր ցեղային կամ կրօնական որեւէ տարբերութեան պատճառով՝ ատոր անունը ցեղապաշտութիւն էր եւ ոչ մէկ ներելի կողմ ունէր:

Ահաւասիկ այս հոգեվիճակին մէջ է, որ դռանս առջեւ արդէն պատրաստ եւ «արդեօք պիտի լքե՞մ երկիրը, թէ՞ ոչ» հարցումին պատասխանին սպասող մամլոյ եւ լրասփիւռներու ընկերներուս կատարեցի հետեւեալ յայտարարութիւնը. “Պիտի խորհրդակցիմ փաստաբաններուս հետ: Պիտի դիմեմ Բեկանիչ ատեանին եւ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ՝ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին: Եթէ այդ միջոցներուն դիմելէ ետք եւս չարդարացուիմ, այն ատեն պիտի լքեմ երկիրս: Որովհետեւ նման մեղադրանքով դատապարտուած մէկը, ըստ իս՝ այլեւս իրաւունք չունի վարկաբեկած միւս հայրենակիցներուն հետ միասին ապրելու”:

Երբ կ՚արտասանէի այս խօսքերը, ինչպէս միշտ, զգայուն էի: Միակ զէնքս էր անկեղծութիւնը:

 

Սեւ երգիծանք

Բայց եկէք ու տեսէք, որ զիս առանձնացնել, մերկ թիրախ դարձնել փորձող այն ընդյատակեայ ուժը դարձեալ գտաւ ըսելիք իմ այս յայտարարութեան եւս: Այս անգամ ալ դատ բացաւ վճիռին վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու մեղադրանքով: Առ առաւել, իմ այս յայտարարութիւնը բովանդակ մամուլին մէջ լոյս տեսած ըլլալով հանդերձ, «Ակօս»-ի հրապարակումը դարձաւ անոնց աչքին փուշը: «Ակօս»-ի պատասխանատուները եւ ես այս անգամ ալ սկսանք դատուիլ վճիռին վրայ ազդելու մեղադրանքով:

Հաւանաբար ա՛յս է որ կը կոչեն «սեւ երգիծանք»:

Ես կասկածեալ եմ. ո՞վ աւելի քան կասկածեալ մը կրնայ ունենալ վճիռին վրայ ազդելու իրաւունք:

Բայց տեսէք սա զաւեշտալի երեւոյթը. կասկածեալը հիմա ալ կը դատուի վճիռին վրայ ազդելու մեղադրանքով:

 

«Յանուն

թրքական պետութեան»

Պէտք է խոստովանիմ, որ Թուրքիոյ մէջ գործող «արդարադատութեան կարգ»-ին եւ «արդարութիւն» եզրին նկատմամբ վստահութիւնս աւելիով կորսնցուցած եմ:

Ինչպէ՞ս չկորսնցնեմ: Այս դատախազները, դատաւորները միթէ՞ իրաւաբանութեան համալսարանաւարտներ չեն: Միթէ անոնք իրենց կարդացածը հասկնալու մակարդակ ունենալու չե՞ն:

Բայց, եկէք ու տեսէք, որ այս երկրին արդարադատութիւնը անկախ չէ, ինչպէս կը մատնանշեն պետական շատ մը դէմքեր ալ:

Արդարադատութիւնը կը պաշտպանէ ո՛չ թէ քաղաքացիներու, այլ՝ պետութեան շահերը:

Արդարադատութիւնը ոչ թէ քաղաքացիին կողքին, այլ պետութեան ձեռքերուն մէջ է:

Արդարեւ, բոլորովին վստահ էի, որ արձակուած վճիռին համար որքան ալ ըսուի՝ «յանուն թուրք» ժողովուրդին, ակներեւ է որ այդպէս չէր, «յանուն թուրք ժողովուրդին» չէր, այլ «յանուն թրքական պետութեան» վճիռ էր ատիկա: Հետեւաբար, փաստաբաններս պիտի դիմէին Բեկանիչ ատեան, բայց ո՞վ կրնար երաշխաւորել, որ այն ընդյատակեայ ուժերը, որոնք վճռած են ինծի «չափս իմացնել»՝ հոն եւս ազդու պիտի չըլլային:

Ապա նաեւ՝ Բեկանիչ ատեանը միշտ ճի՞շդ վճիռներ կը կայացնէ:

Միթէ այդ նոյն Բեկանիչը չէ՞ր, որ ստորագրած էր փոքրամասնութեանց ինչքերը իրենց ձեռքերէն խլող որոշումներու տակ:

 

Հակառակ գլխաւոր դատախազի ջանքերուն

Այդպէս ալ՝ դիմեցինք. եւ ի՞նչ եղաւ:

Բեկանիչի գլխաւոր դատախազը ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս նշուած էր փորձագէտներու տեղեկագրին մէջ՝ յայտարարեց, թէ պատժելի ոչ մէկ տուեալ կայ եւ պահանջեց իմ անպարտ արձակումը, բայց Բեկանիչը նորէն ալ զիս յանցաւոր ճանչցաւ:

Այնքան, որքան ես վստահ եմ գրածէս՝ նոյնքան ալ իր կարդացածէն եւ հասկցածէն վստահ էր Բեկանիչի դատախազը. այնպէս որ բողոքեց վճիռին դէմ եւ դիմեց Ընդհանուր խորհուրդին:

Բայց, ի՞նչ ըսեմ. այդ մեծ ուժը, որ վճռած է ինծի «իմացնել չափս» եւ դատավարութեանս իւրաքանչիւր փուլին ինծի համար անկանխատեսելի եւ անծանօթ միջոցներով կը զգացնէ իր ներկայութիւնը, ահաւասիկ դարձեալ վարագոյրին ետին էր: Արդարեւ, Ընդհանուր խորհուրդն ալ քուէներու մեծամասնութեամբ յայտարարեց, թէ վարկաբեկած եմ թրքութիւնը:

 

Աղաւնիի նման

Բացայայտ է, որ անոնք որոնք ջանք չեն խնայեր զիս առանձնացնելու, տկարացնելու եւ անպաշտպան դարձնելու համար, իրենց տեսանկիւնէն՝ հասան իրենց նպատակին: Արդէն այժմէն, շնորհիւ հանրութեան մէջ իրենց ներարկած կեղտոտ եւ սխալ տեղեկութիւններու ազդեցութեամբ՝ ստեղծած են Հրանդ Տինքը որպէս «թրքութիւնը վարկաբեկող» անձ տեսնողներու խաւ մը, որ բնաւ արհամարհելի թիւ մը չի ներկայացներ:

Համակարգիչիս առօրեայ էջերը եւ յիշողութեան բաժինը նման քաղաքացիներու ղրկած բարկութեան եւ սպառնալիքի տողերով բեռնուած են:

Հոս առիթը հանդիսացաւ՝ նշեմ. այդ նամակներէն մէկը, որ թղթատարին յանձնուած է Պուրսայէն, անմիջական վտանգ յարուցելու առումով՝ զիս մտահոգեց եւ անմիջապէս յանձնեցի Շիշլիի դատախազութեան, բայց մինչեւ օրս որեւէ պատասխան չեմ ստացած:

Այս սպառնալիքները որքանո՞վ ճշմարիտ են, որքանո՞վ չեն, ատիկա բնականաբար անկարելի է որ գիտնամ:

Ինծի համար բուն սպառնալիքը եւ անհանդուրժելին՝ հոգեկան այն տանջանքն է, զոր կ՚ապրիմ իմ մէջ:

Հարցումը, թէ «այս մարդիկը հիմա ի՞նչ կը մտածեն իմ մասին», կը կրծէ ուղեղս:

Դժբախտաբար, նախկինի նկատմամբ աւելի հանրածանօթ դարձած եմ այլեւս եւ կը զգամ, որ մարդիկ հայեացք մը կը նետեն դէպի ինձ, ըսելով. “Աաա՜, նայէ՛, ասիկա այդ Հայը չէ՞”:

Եւ բնազդաբար կը սկսիմ ինքզինքս տանջելու:

Այս տանջանքին մէկ երեսը հետաքրքրութիւնն է, միւսը՝ անհանգստութիւնը:

Մէկ երեսը ուշադրութիւնն է, միւսը՝ վախկոտութիւնը:

Կը նմանիմ ճի՛շդ աղաւնիի մը…

Անոր չափ՝ աջ-ձախ, ետեւ-առջեւ աչք նետողի վիճակի մէջ եմ:

Գլուխս անոր գլխուն չափ շարժուն է… եւ մէկ պահէն միւսը իսկոյն դարձնելու չափ ալ՝ արագ:

 

Ահա՛, ձեզի գինը

Ի՞նչ կ՚ըսէր Արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ Կիւլ: Ի՞նչ կ՚ըսէր Արդարադատութեան նախարար Ճեմիլ Չիչէք:

“Ճանըմ, 301-ը այդքան ալ չափազանցելու բան չկայ: Կա՞յ ոեւէ դատապարտուած կամ բանտարկուած”:

Կարծես թէ՝ գինը վճարելու համար ա՛նպայման բանտ պէտք է մտնել:

Ահա՛, ձեզի՝ գի՛նը… Ահա՛, ձեզի՝ գի՛նը…

Ո՜վ նախարարներ, արդեօք գիտէ՞ք, թէ ինչպիսի գին է մարդ արարածը աղաւնիի վախկոտութեան մէջ բանտարկելը: Գիտէ՞ք արդեօք:

Դուք բնաւ չէ՞ք դիտեր աղաւնիները:

 

«Մահ

ու կենաց» ըսածնին

Դիւրին անցք մը չէ ապրածս: Մեր, ընտանեօ՛ք ապրածը:

Եղան պահեր, երբ նոյնիսկ լրջօրէն մտածեցի լքել երկիրը:

Յատկապէս, երբ սպառնալիքները սկսան սփռուիլ հարազատներուս վրայ…

Այդ կէտին՝ միշտ ճարահատ մնացի:

Այս ըլլալու է «մահ ու կենաց» ըսածնին: Կրնայի ըլլալ իմ սեփական կամքին դիմադրողը, բայց իրաւունք չունէի իմ ոեւէ հարազատի կեանքը վտանգելու: Կրնայի ըլլալ իմ անձիս հերոսը, բայց ոչ թէ հարազատներս, նոյնիսկ ոեւէ մէկու կեանքը վտանգելով՝ հերոսութիւն ընելու իրաւունք չունէի:

Ահա, այսպիսի ճարահատ պահերուս՝ ընտանիքս, զաւակներս հաւաքեցի, անոնց ապաստանեցայ եւ ամենէն մեծ աջակցութիւնը անոնցմէ ստացայ: Կը հաւատային ինծի:

Ո՛ւր որ՝ ես, անոնք ալ հո՛ն պիտի ըլլային:

«Երթանք» ըսեմ՝ պիտի երթային, «մնանք» ըսեմ՝ պիտի մնային:

 

Մնալ եւ դիմադրել

Լաւ, բայց, եթէ երթայինք՝ ո՞ւր պիտի երթայինք:

Հայաստա՞ն:

Հապա, ինծի նման՝ անարդարութիւններու չհանդուրժող մէկը ինչպէ՞ս պիտի հանդուրժէր այնտեղի անարդարութիւններուն: Արդեօք հոն աւելի մեծ փորձանքներ պիտի չբարդուէի՞ն գլխուս:

Իսկ դէպի եւրոպական երկիրներ երթալը բնաւ չէր հրապուրեր զիս:

Արդարեւ, երբ երեք օր Արեւմուտք երթամ, չորրորդ օրը նեղութենէն գալարուելով՝ «ա՛լ թող վերջանայ, վերադառնամ» ըսող՝ իր երկիրը սիրող մէկն եմ. ի՞նչ կ՚ընէի այդ կողմերը:

Հանգիստ նստիլը զիս պիտի խանգարէր:

«Եռացող դժոխք»-ները լքելով՝ դէպի «պատրաստի դրախտներ» փախիլը ամէն բանէ առաջ բնաւ յարիր չէր իմ նկարագրիս:

Մենք այն մարդոցմէ էինք, որոնք իրենց ապրած դժոխքը դրախտի վերածելու հետամուտ են:

Թուրքիա մնալ ու ապրիլը՝ թէ՛ մեր իսկական ցանկութիւնն էր, թէ՛ ալ այդպէս կը թելադրէր Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան պայքար մղող, մեզի թիկունք կանգնող ծանօթ կամ անծանօթ հազարաւոր բարեկամներու նկատմամբ մեր յարգանքը:

Պիտի մնայինք ու դիմադրէինք:

Սակայն եթէ օր մը ստիպուէինք մեկնիլ… ճամբայ պիտի ելլէինք ճիշդ այնպէս ինչպէս՝ 1915-ին… մեր պապերուն նման… Առանց գիտնալու, թէ ո՞ւր կ՚երթանք… Քալելով՝ անոնց քալած ճամբաներէն… Լսելով չարչարանքը… ապրելով ցաւը…

Ահա այսպէս դժկամելով պիտի լքէինք մեր հայրենիքը: Եւ պիտի երթայինք դէպի հոն, ուր՝ ոչ թէ մեր սիրտը, այլ մեր ոտքերը կ՚առաջնորդեն… Ո՜ւր որ է…

 

Վախկոտ եւ ազատ

Կը յուսամ, որ նման մեկնում ապրելու երբեք պարտաւոր չենք ըլլար: Այդպիսի բան չապրելու համար արդէն ունինք լի յոյսեր, լի պատճառներ:

Հիմա այլեւս կը դիմեմ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան:

Այս դատը քանի՞ տարի կը տեւէ, չեմ գիտեր:

Ինչ որ գիտեմ այն է, որ – եւ ատիկա քիչ մը կը հանգստացնէ զիս,– գոնէ առնուազն մինչեւ այդ դատին աւարտը պիտի շարունակեմ ապրիլ Թուրքիոյ մէջ:

Եթէ ատեանը ինծի նպաստաւոր վճիռ արձակէ՝ անկասկած շատ պիտի ուրախանամ եւ այդ ալ կը նշանակէ, որ այդուհետեւ երբեք պիտի չստիպուիմ լքելու երկիրս:

Հաւանաբար, 2007-ը ինծի համար ա՛լ աւելի դժուար տարի մը պիտի ըլլայ:

Դատերը պիտի շարունակուին, նորերը պիտի սկսին: Ո՞վ գիտէ դեռ ինչպիսի՜ անիրաւութիւններու դէմ յանդիման պիտի գտնուիմ:

Բայց, մինչ այս բոլորը տեղի պիտի ունենան՝ հետեւեալ իրողութիւնը պիտի համարեմ իմ միակ երաշխիքը:

Այո՛, կրնայ ըլլալ, որ ես աղաւնիի անհանգստութիւն կը զգամ, բայց այս երկրին մէջ մարդիկ աղաւնիներուն չեն դպչիր:

Աղաւնիները քաղաքին նոյնիսկ ներքին մասերուն, մարդկային բազմութիւններուն մէջ կը շարունակեն իրենց կեանքը:

Ճիշդ է՝ քիչ մը վախով, բայց նոյնքան ալ ազատօրէն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.