ՀՊԱՆՑԻԿ ՆՇՈՒՄՆԵՐ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԱՍԻՆ

Գրեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի «Հայ մամուլի տարի»-ի հռչակումը, ինչպէս եւ առաջին հայ թերթի՝ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի «Ազդարար»-ի հրատարակութեան 225-ամեակը, որուն կը միանան «Հայրենիք»-ի 120-ամեակն ու “The Armenian Weekly”-ի 85-ամեակը, առիթ պէտք է հանդիսանան մամուլի դերն ու դիրքը վերագնահատելու՝ անցեալի ու ապագայի հաշուառումով։

«Մամուլ» եզրը կ՚ընդգրկէ սփիւռքահայ մամուլը, որուն անցեալին ու ներկային աւելի մօտէն ու անմիջականօրէն ծանօթ ենք, իսկ անոր մէջ՝ հայալեզու (արեւմտահայերէն) ընթացիկ մամուլը։ Այս հպանցիկ նշումները պիտի անդրադառնան ներկայ գրութեան երեք ենթախորագրերուն։

Սկսելու համար, կ՚արժէ հին էջեր բանալ ու կարդալ “Hairenik Weekly”-ի («Հայրենիք»-ի մերօրեայ անգլերէն պաշտօնակիցին՝ “The Armenian Weekly”-ի նախնական անունը մինչեւ 1969) մօտալուտ հրատարակութեան լուրը «Հայրենիք»-ի 11 Փետրուար 1934-ի թիւին մէջ։ Հոն գրուած է. «“Հայրենիք” ընկերակցութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ քաջալերուելով «Հայրենիք»-ի անգլ. բաժնի հանդէպ մեր նոր սերունդի ցոյց տուած հետաքրքրութենէն, եւ աւելի լայն կերպով ընդ առաջ երթալու համար անոր ազգային դաստիարակութեան պահանջներուն, յառաջիկայ Մարտ 1-էն սկսած, պիտի հրատարակէ (…) անգլ. շաբաթաթերթ մը՝ “Hairenik Weekly” անունով» (2)։

Վերի ընդգծուած տողը կը դառնայ հետեւեալ հարցադրումին առանցքը. այսօր կարելի՞ է ըսել, թէ թերթ մը կը հրատարակուի կամ պիտի հրատարակուի դաստիարակչական (ազգային թէ այլ) նպատակներով։ Ասիկա կ՚ենթադրէ փակ հանրութիւն մը փակ բաժանմունքներով, ինչպէս որ էր 1930-ական թուականներուն, երբ հայութեան մէկ հատուածը միւսին հետ պաշտօնական կապ չունէր կամ շատ քիչ ունէր, ներառեալ՝ մամուլը, թէ՛ Ամերիկայի մէջ եւ թէ՛ այլուր։ Վերջին 35 տարիներուն տեղի ունեցած արհեստագիտական յեղափոխութիւնը եւ քաղաքական վերափոխումը թէ՛ այդ փակ հանրութիւնը եւ թէ՛ այդ փակ բաժանմունքները սրբած-տարած են։

ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՒ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՄԱՄՈՒԼԸ

Թերթերու հրատարակութեան ասպարէզին մէջ, վկայ եղած ենք (երբեմն՝ անմիջական մասնակից)՝ 1970-ական-1980-ական թուականներու անկիւնադարձին՝ կապարով տողաշարի հոգեվարքին, 1980-ական թուականներուն՝ լուսատիպ տողաշարի (Compugraphic մակնիշի մեքենաներ) ծաղկումին ու մահուան, 1990-ական թուականներու սկիզբին՝ առաջին անձնական համակարգիչներու օգտագործումին, 1990-ական թուականներու կէսերէն՝ ելեկտրոնային նամակին ու համացանցին, 2000-ական թուականներուն՝ ելեկտրոնային մամուլի ծագումին ու զարգացումին։

Յիշեցնենք, որ կապարով տողաշարը գոյութիւն ունեցած է 19-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 1980-ական թուականները (3)։ Կը նշանակէ, որ 90 տարի անոր տպագրութեան վկաներ ըլլալէ ետք, վերջին 30-40 տարիներուն տեղի ունեցած է հետզհետէ աւելի արագընթաց վերափոխում մը, որ անցած է առնուազն երեք տեսակ հրատարակչական ձեւերէ՝ հասնելով այսօրուան իրավիճակին։ Ինչպէս կը պատահի հայ իրականութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ, մամուլը գլխապտոյտ պատճառող այս վերափոխման անմիջականօրէն արձագանգած չէ, այլ՝ միշտ մնացած է ուշացած հրաւիրեալի դերին մէջ։

Եթէ հաշուի չառնենք հինէն եկած աւանդական գանգատները՝ ընթերցողներու սակաւութեան, հայախօս ընթերցողներու նուազումի, անձնակազմի չգոյութեան, դրամական միջոցներու պակասի, եւ այլ նման երեւոյթներու մասին, կարելի է ըսել, թէ 2000-ական թուականներուն արդէն նախատեսելի ելեկտրոնային մամուլի եւ ընկերային ցանցերու (social network) ծաղկումը ա՛լ աւելիով բարդացուց տպագիր մամուլի ինքնին դժուար վիճակը։

1990-ական թուականներէն ելեկտրոնային լուրերու տարածումը՝ առանց գաղափարական որեւէ խտիրի, կը ծառայէր մեր հանրութեան բացման։ Այլեւս լուրերը զտուած չէին ըստ գաղափարական որոշ մէկ արժեչափի։ Ընթերցողը կրնար աւելի լայն ընտրանք մը ունենալ՝ իր լրատուական կարիքներուն գոհացում տալու համար։ Այլեւս որեւէ լրատուամիջոց՝ հին թէ նոր, «ազգային դաստիարակութեան» աղբիւր ըլլալու յաւակնութիւններ չէր կրնար ունենալ։ Ընթերցողը կը ստանձնէր իր դաստիարակութեան գործը, եթէ կ՚ուզէք՝ ինքնուսուցումը։ Առաջ պարզ լուրերու տարածում էր, իսկ հիմա աշխարհի հայ մամուլը մեր տրամադրութեան տակ կ՚անցնէր ո՛չ թէ գրադարաններու, այլ մեր տան, ապա՝ մեր գրպանին մէջ։

2000-ական թուականներէն, նախ կայքէջերու եւ ապա ընկերային ցանցերու զարգացումը ա՛լ աւելի խորացուցած է գաղափարական ճգնաժամը։ Ամէն ոք այսօր կրնայ իր անձնական լրատուական-հրապարակագրական կայքէջը ունենալ՝ առանց մասնաւոր ներդրում կատարելու (բացի ժամանակի յատկացումէն), եւ ամէն ոք այսօր կրնայ մշտական ներկայութիւն ըլլալ ընկերային ցանցերու մէջ՝ իր սեփական էջին թէ այլոց էջերու մէջ կարծիքներ յայտնելով։ Մէկ խօսքով՝ անհատը անսահման ազատութեան տիրացած է իր գաղափարները ուզած ձեւով տարածելու։ Եթէ ժամանակին յօդուած կամ նամակ կ՚ուղղուէր խմբագրութեան մը եւ այդ յօդուածը կամ նամակը հրատարակութեան չէին արժանանար՝ յարգելի կամ ոչ-յարգելի պատճառներով, այսօր դասական մամուլի բովէն երբեք չանցած յօդուածներու եւ նամակներու հեղեղ մը կ՚ողողէ համացանցն ու ընկերային ցանցերը՝ status-ներու եւ comments-ներու անունին տակ (4)։ Անունները փոխուած են, բովանդակութիւնը՝ ոչ։

Ելեկտրոնային մամուլի մրցակցութիւնը, ի հարկէ, կարեւոր դեր կը խաղայ տպագիր մամուլի բովանդակութեան մէջ։ Օրաթերթը եւ ա՛լ աւելիով շաբաթաթերթը կը դժուարանան իրենց զուտ լրատուական առաքելութեան մէջ, մանաւանդ երբ զայն վստահած են արդէն այլեւայլ ձեւերով ժամեր կամ օրեր առաջ այդ լուրը սփռած կայքէջերու արտատպումին։ Եթէ օրաթերթերը կամ երկօրեայ թերթերը տակաւին կրնան մասնակիօրէն տոկալ այդ մրցակցութեան, նոյնը չէ պարագան շաբաթաթերթերուն, որոնք արդէն ցոյց կու տան մասնակի շեղում մը դէպի հրապարակագրական ու հետազօտական դաշտ՝ թերթերը դարձնելով աւելի կարծիքի, մեկնաբանական օրկաններ, քան զուտ լրատուական։

Այս մրցակցութեան բնական լուծումը պիտի գար, երբ եւ եթէ տպագիր միջոցները ունենային այն անձնակազմը (կամ իրենց ունեցած անձնակազմը այդ ուղղութեամբ աշխատէր), որ այս կամ այն լուրը ենթարկէր մանրակրկիտ մշակման՝ խորագիրէն մինչեւ եզրափակիչ վերջակէտը, որպէսզի ընթերցողը այդ թերթի բովէն անցած ու խմբագրուած լուր մը կարդար, փոխանակ՝ մամլոյ հաղորդագրութեան մը լուսանկարչական պատճէնը տալու, ուրիշ թերթէ մը արտատպում ընելու կամ հայաստանեան լրատուական գործակալութեան մը, կայքէջի մը կամ թերթի մը լուրը ուղղագրութիւնը փոխելու կամ արեւմտահայերէնի վերածելու։ Այսօր կարելի է այս երեք միջոցներուն խմբագրական մը կցել եւ պատրաստ թերթ մը ունենալ՝ առանց թարգմանութիւն մը իսկ կատարելու, առանց մտահոգուելու հնարաւոր աշխատակիցներու գոյութեամբ, եւ բազմաթիւ այլ «առանց»-ներով…։ Բայց ի՞նչ է այդ երեւակայական– թէեւ նմոյշները արդէն կը գտնուին շրջագայութեան մէջ– թերթին դիմագիծը՝ բաղդատած աշխարհատարած պաշտօնակիցներուն, որոնք այժմ անվճար հասանելի են՝ քանի մը կոճակներու սեղմումով, եթէ «դիմագիծ» անունը կարելի է գործածել։

Վերի նկատողութիւններու շարքը, ի դէպ, նոյնութեամբ կարելի է հասցէագրել ելեկտրոնային մամուլին։

ՄԱՄՈՒԼԸ ԵՒ ԼԵԶՈՒՆ

Այս բոլորին մէջ, մամուլը՝ տպագիր թէ ելեկտրոնային, իր անցեալի լեզուական դերակատարութիւնը կը շարունակէ պահել։ Սակայն, գաղտնիք մը չէ, որ վերջին տասնամեակներուն, բազմաթիւ պատճառներով, որոնց քննարկումը բաւական հեոու պիտի երթար, արեւմտահայերէնով գրուած մամուլը ցոյց կու տայ մաշումի հետեւանքները։

Ժամանակին, աշխարհի չորս կողմը սերունդ ունեցանք, որ հայերէն սորված է՝ թերթ կարդալով։ Արդեօք այսօր կրնա՞նք հայ մամուլը յանձնարարել որպէս լեզուական ուսուցման աղբիւր։ Դժբախտաբար, առարկայական իրողութիւն է, որ այսօր կարելի չէ թերթ բանալ անվախօրէն։ Անշուշտ, խօսքը խմբագրական վրիպումներու կամ սրբագրական թերացումներու մասին չէ։ Ոչ ալ կը խօսինք վիճարկելի կամ սխալ քերականական-ուղղագրական կէտերու մասին, որոնք ժամանակին Հ. Արսէն Ղազիկեանի, Բենիամին Թաշեանի կամ այլոց հետազօտութեան եւ պարզաբանման կալուածը դարձած են ու մինչեւ այսօր կը դառնան։ Մեր խօսքը կը վերաբերի քանի մը հիմնական կէտերու, որոնք սփիւռքահայ մամուլի ներկային ու անմիջական ապագային հետ առնչուած են՝ լեզուական իմաստով.

ա) Մամուլի լեզուի ընդհանուր աղճատում ու համահարթեցում,

բ) Արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն անհարկի խառնելու իրողութիւններ,

գ) Օտար լեզուներու (ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ այլք՝ ըստ շրջանի) ճնշումի բազմացում,

դ) Հայերէնի քերականութեան տարրական կանոններու իմացութեան պակաս,

ե) Ուղղագրական սխալներու աճը, ինչպէս եւ խորհրդային ուղղագրութեամբ գրուած յօդուածներու հիւրընկալումը։

Եթէ կը շեշտենք այս երեւոյթները, պատճառը այն է, որ հայ մամուլը (տպագիր թէ ելեկտրոնային) տակաւին աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայութեան հաւաքական հանդիպումի գլխաւոր վայրերէն մէկն է։ Այս իմաստով, ընկերային ցանցերը չեն փոխարինած զայն, որովհետեւ անոնց տարածքին տեղի ունեցողը անհատական, թէկուզ եւ հրապարակային, հանդիպում մըն է (անձ մը կը հետեւի կամ կը կարդայ ուրիշ անձի մը գրածը կամ տեղադրածը), որ իր ներկայ բնոյթով հաւաքական հանդիպումի տեղը չի կրնար գրաւել։ Երբ մարդիկ կ՚ըսեն, թէ իրենց լուրերը Դիմագիրքէն կ՚առնեն, պէտք է նկատի ունենալ, որ անոնց աղբիւրը ընդամէնը լուրի մը կմախքն է, օրինակ՝ տուեալ անձի մը մահուան լուրը կամ նոյնիսկ (բացառիկ պարագաներու) քանի մը տուեալներէ բաղկացած կենսագրական մը, կամ փոքրաչափ լրատւութիւն մը։ Եթէ ոչ՝ լաւագոյն պարագային, դէպի օրաթերթի մը ելեկտրոնային տարբերակը կամ լրատուական կայքէջ մը առաջնորդող կապը։ Ասիկա կրնա՞յ փոխարինել թերթէ մը ակնկալելի լրատւութիւնը, տեղեկութեան (information) եւ ո՛չ թէ տուեալներու (data) հաղորդումը, երեւոյթին արժեւորումը։

Երկրորդ պատճառը այն է, որ հայ մամուլը արեւմտահայերէնի անմիջական զարգացման առաջին աստիճանը կամ փորձաքարը կը հանդիսանայ՝ գրականութեան հասնելէ առաջ։ Ի վերջոյ, լեզուական բնաշրջման երեւոյթները առաջին հերթին տեղի ունեցած են եւ տեղի կ՚ունենան մամուլին մէջ, որմէ յետոյ թափանցած են ու կը թափանցեն գրական-գեղարուեստական թէ ուսումնասիրական երկերու մէջ։

Եւ քանի որ հասանք մամուլի ու գրականութեան առնչութեան, ուրեմն պէտք է շեշտել, որ մամուլը ընդհանրապէս անփոխարինելի դեր ունի մեր մշակոյթի փոխանցման մէջ։ Խօսքը չի վերաբերիր պարզապէս մշակութային լրատւութեան կամ պատմական երեւոյթներու անդրադարձին (յոբելեաններ, գրական հին էջերու արտատպում, եւ այլն), այլ վճռականօրէն զարկ տալու մշակութային-մտաւորական աշխատանքին։ Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ երբ գրական հայատառ մամուլը շեշտակի վայրէջք մը կ՚ապրի այս օրերուն՝ յատկապէս հրատարակութիւններու քանակով (նաեւ՝ հայագիտական մամուլը), այդ բեռը կ՚իյնայ ընթացիկ մամուլի ուսերուն վրայ։ Թէ ինչպէ՞ս պէտք է կազմակերպուի կամ ընթանայ այդ աշխատանքը, կը մնայ տարբեր խօսակցութեան նիւթ։ Կը հաւատանք, ամէն պարագայի, որ այդ աշխատանքը չի կրնար պարզապէս անցեալի կրկնութիւն մը ըլլալ, այսինքն՝ սովորական կարծրատիպերու կրկնութիւնը, այլ պարտի դուռ բանալ արդիական, հոգ չէ թէ վիճայարոյց, սակայն ազատ քննարկման մթնոլորտի մը։

ՄԱՄՈՒԼԸ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

Արդիական ըլլալը օդի ու ջուրի պէս կենսական է մամուլին վրայ։ Արդիականը, անշուշտ, կապ չունի այդ մամուլի կերպարանքին, այլ՝ բովանդակութեան հետ։ Օրինակ՝ տպագրական ամենավերջին նորութիւններով օժտուած, գունագեղ ու պատկերազարդ թերթ կարելի է հրատարակել այսօր՝ Պաղ պատերազմի մտածողութեամբ։

Արդիականութեան պահանջը նաեւ կը տարածուի… հայութեան պահանջատիրական ճիգերուն վրայ։ Անկասկած, ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր հետ կապուած բոլոր պատմական ու այժմէական հարցերը՝ Թուրքիայէն մինչեւ աշխարհի ամենայետին անկիւնը, կարեւոր նշանակութիւն ունին մեզի համար՝ թէ՛ իբրեւ անհատ եւ թէ՛ իբրեւ հաւաքականութիւն։ Բայց արդեօք ժամանակը հասած չէ՞ վերահաստատելու շատոնց դրուած պահանջն ու ակնկալութիւնը, եւ մամուլէն ակնկալելու եւ պահանջելու, որ մե՛ր կեանքի, մե՛ր ինքնութեան կեդրոնը Թուրքիան եւ օսմանեան-թրքական պետութեան անցեալ ու ներկայ արարքները չըլլան։ Մէկ խօսքով՝ չապրինք միայն ու միայն որպէս Թուրքիոյ յաւելուած։ Թերեւս պէտք է տեսակ մը «գործօն մոռացում»-ի դիմել (active forgetting), հետեւելով գերման փիլիսոփայ Ֆրիտրիխ Նիցչէի գաղափարին։ Ո՛չ թէ մոռնալ, այլ ամէն վայրկեան չյիշել։ Տուեալ վայրկեանի մը մեր յիշածը ընտրել։

Թերեւս ժամանակն է, որ հայ մամուլը վերաքննութեան ենթարկէ իր խօսոյթը (discourse) եւ 1970-ական – 1980-ական թուականներէն, երբ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ բոլոր յարակից հարցերը խանձարուրի մէջ էին (5), երբ Սփիւռքը առանձինն կը կրէր այդ պայքարին բեռը իր վտիտ ուսերուն վրայ, ցատկ մը կատարէ 40-50 տարի դէպի յառաջ եւ հասնի 2020-ի սեմին։ Այդ ցատկին արդիւնքը պէտք է ըլլայ այն անդրադարձը, որ սփիւռքահայ մամուլը լոյս կը տեսնէ Սփիւռքի մէջ եւ նախ եւ առաջ պարտաւոր է Սփի՛ւռքը եւ իր հրատարակութեան վայրի համայնքը դարձնել իր կիզակէտը։ Ուշադրութեան երկրորդ առանցքը Հայաստանը (Արցախով մէկտեղ) պէտք է ըլլայ, իսկ երրորդը՝ հայկական պահանջատիրութիւնը։ Ասիկա չի նշանակեր, կը շեշտենք, որեւէ ձեւով հրաժարիլ որեւէ բանէ։ Կը նշանակէ, սակայն, առաջնահերթութիւն տալ մեր յիշածին։ Գիտակցիլ, որ գրեթէ 30-ամեայ անկախ պետականութեան մը իրողութիւնը կը պարտադրէ առաջին հերթին ողջերով զբաղիլ՝ անոր սահմաններէն ներս թէ դուրս։ Մեռելները արթուն են մեր հոգիներուն մէջ, իսկ հայ մամուլը պարտի առաջին հերթին ողջերը սնուցանել ապրող երկրի մը, ապրող հաւաքականութեան մը, ապրող մշակոյթի մը լուրերով, տեղեկատւութեամբ, վերլուծումներով, որպէսզի ո՛չ թէ հետզհետէ դառնայ լուսանցքի վրայ ապրող, միայն անցեալի «հին պատմութիւնները» արծարծող, այլ՝ ընդհակառակը՝ փնտռուած լրատուամիջոցը եւ մեր հանրութիւնը առաջնորդող դրօշակիրը, չորրորդ իշխանութիւնը 21-րդ դարուն։ Որպէսզի ողջերուն ներշնչէ, նորահաս սերունդները լիցքաւորէ հայ ըլլալու դրական ու ողջմիտ, լուսաւոր ուղիներով դէպի ապագայ ընթանալու գաղափարով։

_______

(1) Այս յօդուածին նախնական տարբերակը իբրեւ բանախօսութիւն կարդացուած է հայ մամուլի նուիրուած միօրեայ գիտաժողովին, որ «Հայրենիք» հաստատութեան եւ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է 26 Հոկտեմբեր 2019-ին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ։

(2) “Hairenik Weekly”, Հայրենիք, 11 Փետրուար 1934 (ընդգծումը մերն է – Վ.Մ.)։ Այդ թիւը կարդացած ենք արհեստագիտութեան շնորհիւ, քանի որ Հայաստանի Ազգային գրադարանի ձեռնարկած թուայնացման ծրագրի ծիրին մէջ, կարգը հասած է «Հայրենիք»-ի (թող որ անկատար) հաւաքածոյին։ Այս ալ կը հանդիսանայ 21-րդ դարու հայ մամուլ-արհեստագիտութիւն փոխյարաբերութեան դրական երեսներէն մէկը։

(3) Անոր շիջումի տասնամեակին, պէտք է յիշել, օրինակ, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթի բացառիկ պարագան, որ մինչեւ 2009-ի վերջին թիւը ստիպուեցաւ շարունակել կապարով հրատարակութիւնը՝ արդէն նախնականի հասնող պայմաններու մէջ։

(4) Այլ հարց, թէ այդ հեղեղը որքանո՞վ արժանի պիտի ըլլար op-ed էջերու կամ ընթերցողներու նամականիի մաս կազմելու։ ■

(5) Մինչեւ 1975 միայն Ուրուկուայը օրէնքով պաշտօնապէս ճանչցած էր ցեղասպանութիւնը

«Նոր Յառաջ»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.