Հորիզոն մասնակցեցաւ Գանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Էրին Օթուլի մամլոյ ասուլիսին

Օգօստոս 5-ին, Գանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Էրին Օթուլ առցանց մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց կուսակցութեան նախընտրական ծրագրի համապարփակ ուրուագիծը։

Հակառակ այն իրողութեան, որ պաշտօնապէս չեն յայտարարուած դաշնակցային ընտրութիւններ, սակայն Գանատայի խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւնները կը նախապատրաստուին աշնան կայանալիք հաւանական ընտրութիւններուն։

Ասուլիսի ընթացքին Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարը ներկայացուց Գանատայի տնտեսական, արտաքին քաղաքականութեան, առողջապահութեան բնագաւառներուն հետ կապուած կուսակցութեան նախագծած առաջադրանքները։

Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան ազգային փոքրամասնութիւններու լրատուամիջոցները ներկայացնող խմբագիրներ եւ լրագրողներ, որոնց շարքին «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.