«Հորիզոն» Մանկապատանեկան յաւելուածի խմբագրակազմի հանդիպում

Կիրակի, 15 Ապրիլ 2018-ին, «Հորիզոն»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ «Հորիզոն» Մանկապատանեկանի խմբագրակազմին հանդիպումը, գլխաւորութեամբ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի:

«Հորիզոն» Մանկապատանեկան յաւելուածի խմբագրական կազմի անդամներն են. գլխաւոր խմբագիր տիկին Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան, տիկին Անահիտ Պալեան, որ 5 տարիէ ի վեր որպէս խմբագիր կ՚աշխատակցի Մանկապատանեկանին, Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի շրջանաւարտ աշակերտուհիներ՝ Թալիա Ճապրայեան եւ Արիանէ Թասլաքեան, ինչպէս նաեւ վերջերս Սուրիայէն Գանատա ներգաղթողներ՝ հայերէնի նախկին ուսուցչուհի տիկին Սալբի Էլէյճեան Քելլէեան եւ ուսանողուհիներ Շողիկ Սաֆար եւ Յուշիկ Բաբուճեան:

Հանդիպումին ընթացքին խմբագիր Վահագն Գարագաշեան անդրադարձաւ «Հորիզոն» Շաբաթաթերթի պատմականին եւ լրատուական գետնի վրայ տարուած աշխատանքներուն: Ան նաեւ նշեց, թէ Մանկապատանակեկան յաւելուածը 25 տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ շնորհիւ Գանատայի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերուն ներդրումով եւ ձրիաբար կը բաժնուի Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի, Թորոնթոյի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ վարժարանի, Վանգուվըրի ՀՕՄ-ի «Արազ» Շաբաթօրեայ վարժարանի եւ Գեմպրիճի ՀՕՄ-ի «Մ. Թիթիզեան» Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտութեան: Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան Մանկապատանեկան յաւելուածի յառաջիկայի ծրագիրներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.