ՀՅԴ Պատանեկան Ճամբարները Արցախի Մէջ

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան ճամբարներու մեկնարկը տրուեցաւ յուլիս 17-ին, Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ: Աշխարհի տարբեր կողմերէն պատրաստակամութիւն յայտնուած է օժանդակելու այս ճամբարներուն:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Վանքի մէջ կատարուած այս պատանեկան ճամբարները դարձած են աւանդութիւն: «ՀՅԴ պատանեկան ճամբարները արդէն սիրուած են Վանքի մէջ: Նախորդ տարի այստեղ առաջին անգամ կազմակերպուած էր պատանեկան Ճամբար` ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան հետ միասին, իսկ այս տարի կազմակերպեց ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը, որուն աջակցեցան նաեւ Արցախի մէջ վարժողական ծրագիր իրականացնող մեր ընկերները` ՀՅԴ  Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններէն», յայտնեց Անի Յովհաննիսեան` նշելով, որ շատ դժուար եղած է բաժանման օրը:

Արցախ ժամանած սփիւռքահայ երիտարդներուն համար Վանքի ՀՅԴ պատանեկան միութեան անդամները կազմակերպած էին արշաւ դէպի գիւղ` ներկայացնելով իրենց ծննդավայրի պատմութիւնն ու տեսարժան վայրերը:

«Նկատի ունենալով, որ պատանիները չէին ուզեր, որ ճամբարը աւարտի, մենք անոնց հետ պայմանաւորուեցանք ապագային եւս այլ ծրագրեր իրականացնել եւ մեր խոստումին տէր ըլլալով, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու երիտասարդական միութիւններու աջակցութեամբ, Վանք գիւղին մէջ կազմակերպած էինք ժամանցային միջոցառում», աւելցուց Յովհաննիսեան:

Ընկերները այցելեցին նաեւ Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարան, գետի ափին` կազմակերպեցին խրախճանք:

Այլ ճամբար մը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անուան թիւ 2 միջնակարգ դպրոցին մէջ, ՀՅԴ  Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութեան աջակցութեամբ:

Ճամբարի կազմակերպիչ խումբի պատասխանատու Հուրի Մինոյեան յայտնեց, որ առաջին անգամ 2012-ին էր, երբ իրենց խումբով ժամանած էին Արցախ ճամբար կազմակերպելու համար:

Ան նշեց, որ այս տարի արդէն ճամբարներ կազմակերպուած են Գիւմրիի եւ Ստեփանակերտի մէջ: «Ճամբարի նպատակը ամրան շրջանին պատանիներուն համար հետաքրքրական ու արդիւնաւէտ ժամանցի կազմակերպումն է, յետպատերազմեան իրականութենէն զանոնք անջատելը ու անոնց մէջ ազգասիրութեան, ընկերասիրութեան գաղափարները արմատաւորել: Անոնց կը ներկայացնենք նաեւ ՀՅԴ-ի  պատմութիւնն ու ներկայի գործունէութիւնը: Ես 2012-էն առաջ ամէն տարի կ՛այցելէի Հայաստան, բայց 2012-ին ճամբարներուն մասնակցելէ ետք կարողացայ ծանօթանալ իսկական Հայաստանին եւ Արցախին: Ճամբարը ոչ զբօսաշրջային փորձառութիւն էր բոլորիս համար: Առիթ ունեցանք կապ հաստատելու մարդոց հետ, մեր ընկերներու հետ եւ հասկնալու, թէ իրականութեան մէջ ինչպէ՛ս կ՛ապրին մարդիկ: Երբ դուրսէն կու գաս իբրեւ զբօսաշրջիկ` ամէն ինչ հեքիաթային կը թուի, սակայն ճամբարին մասնակցելով` կրնաս ծանօթանալ ժողովուրդի ապրելակերպին: Միշտ փորձած ենք ամէնէն աւելի Արցախի մէջ իրականացնել նման նախաձեռնութիւններ, եւ ոչ միայն Ստեփանակերտի մէջ, այլ նաեւ` այլ շրջաններու  մէջ եւս», ըսաւ Մինոյեան, որուն համար, ի տարբերութիւն կազմակերպուող այլ ճամբարներու, Դաշնակցութեան կազմակերպուած ճամբարները միշտ ալ իւրայատուկ են թէ՛ իրենց մատուցած գաղափարներով եւ թէ՛ իրականացուող ծրագիրերով ու միջոցառումներով, եւ այդ պատճառով պատանիները սիրով կը մասնակցին ճամբարներուն:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Բենօ Բաբայեան շեշտեց, որ անցեալ տարի կազմակերպուած են 9 ճամբարներ Արցախի տարբեր համայնքներուն մէջ` ընդգրկելով հազարէ աւելի պատանիներ: «Այս տարի ասիկա 2-րդ ճամբարն է, որուն կը մասնակցէին աւելի քան 150 պատանիներ: Աւելի դիմողներ ալ կային, սակայն ստիպուած եղանք դադրեցնել դիմումնագիրները», նշեց Բաբայեան:

Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անուան թիւ 2 միջնակարգ դպրոցին մէջ կազմակերպուած ՀՅԴ պատանեկան երկրորդ ճամբարը Արցախի մէջ աւարտեցաւ տօնական հանդիսութեամբ: Ներկայ էին` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալեոնա Գրիգորեան, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները, Արցախի կրթութեան նախարարութեան նախարարութեան արտադպրոցական ծրագրերի բաժնի պետ Արմէն Պետրոսեանն ու պատանիներու ծնողները:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.