ՀՅԴ Ուսանողական-Երիտասարդական Միութիւններու Բողոքի Ցոյցեր Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Գերմանիոյ մէջ
Հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ նախորդ կիրակի օրուընէ սկսած ազրպէյճանական յարձակումներուն անդրադարձող եւ զանոնք դատապարտող բողոքի ցոյցեր կազմակերպուեցան զանազան երկիրներու մէջ` հիմնականօրէն երիտասարդներու կողմէ:
Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Կազմակերպութեան Բողոքի Ցոյցը Փարիզի Մէջ` Ընդդէմ Ազրպէյճանական Սադրանքներուն
Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր սերունդ» կազմակերպութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած է Փարիզի մէջ` ընդդէմ հայ-ազրպէյճանական հիւսիսարեւելեան սահմանին` Տաւուշի ուղղութեամբ 12 յուլիսէն իրականացուող ազրպէյճանական սադրանքներուն:
Հանրահաւաքին ազրպէյճանական ոտնձգութիւնները դատապարտող ելոյթով հանդէս եկած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը:
ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի Բողոքի Ցոյցը` Ազրպէյճանի Դեսպանատան Մօտ
Նոյն նպատակով ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի գրասենեակի եւ Հայկական կազմակերպութիւններու միութիւնը Ամսթերտամի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կազմակերպած է:
Երիտասարդները Ազրպէյճանի դեսպանատան մօտ բարձրացուցած են հայկական դրօշներ եւ ազրպէյճանական սադրանքներ դատապարտող պաստառներ, անոնք երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը, յարգեցին վերջին օրերուն Տաւուշի մէջ զոհուած 4 զինուորներուն յիշատակը:
Անոնք նաեւ վանկարկեցին` «Ազրպէյճա՛ն` նախայարձակ»:
Խաղաղութեան Ցոյց Միւնիխի Մէջ
Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ հայերը խաղաղութեան ցոյց կազմակերպած են:
Ցոյցին ընթացքին անգլերէնով ելոյթ ունեցած է ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սերժ Տէր Յակոբեանը, ցոյցին մասնակցած է նաեւ Հայ ուսանողական կազմակերպութիւնը:
Հայ երիտասարդները վանկարկած են. «Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք` առանց զէնքերու»:
Յիշեցնենք, որ Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ ազրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչները փորձած են ցոյց կազմակերպել Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մօտ եւ յարձակած դեսպանատան վրայ, սակայն հայ համայնքի ներկայացուցիչները պատ կազմած են` պաշտպանելով դեսպանատունը:
«Մենք Ամբողջ Աշխարհին Մէջ Ամուր Կանգնած Ենք Հայկական Շահերու Պաշտպանութեան Առաջնագիծին Վրայ». Հյդ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններ
ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է.
«Դաշնակցութեան երիտասարդները ամբողջ աշխարհին մէջ բողոքի զանազան ցոյցեր կը կազմակերպեն Ազրպէյճանի դեսպանատուներու առջեւ, նաեւ կը դիմակայեն հակահայկական քարոզչութեան:
«Երբեմն բախումներէ կարելի չէ խուսափիլ, ինչպէս երէկ` Լոնտոնի մէջ հայկական դեսպանատունը պաշտպանելու ընթացքին:
«Սակայն ամէնուրեք մենք ամուր կանգնած ենք հայկական շահերու պաշտպանութեան առաջնագիծին վրայ:
«Ուժե՛ղ ենք եւ պիտի յաղթենք միասին»: