ՀՅԴ-ն Փարիզի Մէջ Բողոքի Ցոյցերով Դիմաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը
Ֆրանսայի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը` իր բոլոր կառոյցներով եւ հաստատութիւններով երէկ մերժեց Փարիզի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ որեւէ տեսակի կապ կամ հանդիպում եւ զայն դիմաւորեց բողոքի ցոյցերով: Ֆրանսական ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ գործածեց արցունքաբեր կազ:
«Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա կատարած այցելութեան: Ան ընդգծեց, որ Ֆրանսայի նախագահը Փաշինեանը Փարիզ հրաւիրած է հոկտեմբերին` ընտրութիւններէն ետք, քանի որ քաղաքական բարոյագիտութիւնը թոյլ չի տար նախընտրական շրջանին թեկնածուներէն մէկուն առաւելութիւն տալ` անոր հանդէպ ուշադրութիւն ցուցաբերելով:
«Սակայն Փաշինեան պնդած է, որ ինք Փարիզ պիտի այցելէ շուտով: Ասիկա քաղաքական մուրացկանութիւն է», շեշտեց Փափազեան` աւելցնելով, որ Փաշինեան ընդամէնը կ՛ուզէ լուսանկարուիլ Մաքրոնին հետ: Ան նշեց, որ, քանի որ իրենք մեծ աշխատանք տարած են, եւ Ֆրանսան հայամէտ է, դժուար չէ Հայաստանի ոեւէ ղեկավարի համար հանդիպում խնդրել եւ ստանալ Ֆրանսայի նախագահէն:
Ըստ Փափազեանի, Փաշինեանի անսկզբունք քաղաքականութիւնը կը դժուարացնէ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերուն աշխատանքը: Իբրեւ օրինակ ան ըսաւ, որ վերջին պատերազմին ընթացքին ալ Ֆրանսայի հայ համայնքը շատ լուրջ աշխատանք տարած էր տարբեր կառոյցներու եւ քաղաքական գործիչներու մօտ` ի նպաստ Արցախի անկախութեան հանրային կարծիք ստեղծելու համար: Բազմաթիւ հաստատութիւններ ստորագրած են բանաձեւ` կոչ ուղղելու Ֆրանսային, որ ճանչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Բայց, ի վերջոյ, գիտակցած են, որ Հայաստան այդ ուղղութեամբ հայեցակարգ չունի:
Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին, երբ բանաձեւը տարուեցաւ Ծերակոյտ եւ Ազգային ժողով, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, թէ իրեն համար անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ կը պահանջեն, որ Ֆրանսան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, եթէ Հայաստանի վարչապետը ինք չէ դիմած, որ Ֆրանսան ճանչնայ. «Ինչո՞ւ ճանչնանք, ինչո՞ւ դուք արտաքին աշխարհին մէջ այդ աշխատանքը կը տանիք, երբ ներսէն մեզի դիմում չէ կատարուած», հարցուցած է նախարարը: