ՀՅԴ-ն Պիտի Մասնակցի Խորհրդարանական Արտահերթ Ընտրութիւններուն

Հոկտեմբեր 19-21-ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի 22-րդ արտահերթ Գերագոյն Ժողովը, յառաջիկայ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի օրակարգի քննարկման նպատակով: Ի շարս քաղաքական, կազմակերպական եւ այլ օրակարգերու, Ժողովը անդրադարձաւ յառաջիկայ համապետական արտահերթ ընտրութիւններու հարցին: Համակողմանի քննարկումներու արդիւնքով ժողովը որոշեց մասնակցիլ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Քննարկման աւարտին, ՀՅԴ Հայաստանի 22-րդ արտահերթ Գերագոյն Ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց ՀՀ Ազգային ժողովի  արտահեթ ընտրութիւններուն մասնակցելու հարցով առանձին յայտարարութիւն, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՅԴ Հայաստանի 22-րդ արտահերթ Գերագոյն Ժողովը`

արժեւորելով նախընթաց (2015-2018) ժամանակահատուածին կուսակցութեան գործունէութիւնը, քննելով ներքաղաքական վիճակը, առկայ մարտահաւերներն ու հնարաւոր զարգացումները,

կարեւորելով քաղաքական ուժերու միջեւ գաղափարական, ծրագրային յենքի վրայ փոխադարձ յարգանքի հանդուրժողականութեան մթնոլոտի մէջ քաղաքական պայքարը,

իբրեւ ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական կուսակցութիւն, նպատակ ունենալով կեանքի կոչել ՀՅԴ արժեհամարկարգէն բխող գաղափարական, ծրագրային առաջադրանքները,

արձանագրելով իր հաւատարմութիւնը ազգային ուղեգիծին, Արցախի Հանրապետութեան եւ արցախահայութեան իրաւունքներու ամբողջական պաշտպանութեան, երկրին մէջ ընկերային ու տնտեսական արդարութեան հաստատման համար պայքարին,

կ՛որոշէ մասնակցիլ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.