ՀՅԴ ՀԵՄ-ը եւ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը Կոչ Կ՛ընեն Ապրիլ 23-ին եւ 24-ին Մոմեր Վառելու եւ Պատուհաններուն Դնելու

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը յայտարարութիւն տարածած է տեղեկացնելով, որ այս տարի անհնար է աւանդական դարձած ձեւաչափով իրականացնել Ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկները:

Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի.

«Սիրելի հայրենակիցներ,
Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին եւ առողջապահական վտանգներու պատճառով այս տարի անհնար է աւանդական դարձած ձեւաչափով իրականացնել Ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկները:

քանի որ․

– Ջահերով երթը այս տարի հնարաւոր չէ կազմակերպել աւանդական ձեւաչափով:

– Ապրիլ 24-ին հնարաւոր պիտի չըլլայ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր մեծ թիւով մարդոց այցելութիւնը,

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները կոչ կ՛ընեն Ապրիլ 23-ին եւ 24-ին ժամը 21:00-էն վառել եւ մեր բնակարաններու պատուհաններուն դնել մոմեր` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ մեր պահանջատիրութեան:

Այս օրերուն մեր կողմէ իրականացուող այլ միջոցառումններու մասին կը տեղեկացնենք յառաջիկային»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.