ՀՅԴ Հայ Դատի Կենտրոնական խորհրդի յայտարարութիւնը ՀՀ վարչապետի հերթական անհիմն պնդումների վերաբերեալ

ՀՀ վարչապետը 2022 թ. Յունուար 24-ի հարցազրոյցին մէջ ըրած է այնպիսի պնդումներ, որոնք մէկ կողմէն կը խեղաթիւրեն պատմական փաստերը, միւս կողմէն` գրեթէ նոյնութեամբ կը կրկնեն ազրպէյճանաթրքական թէզերը, որոնց դէմ
տեւական ժամանակահատուած արդիւնաւէտ պայքար մղած են Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաշխարհային ցանցը։ Ներկայիս չափազանց ցաւալի է Հայաստանի գործադիր իշխանութեան ղեկավարի շուրթերէն լսել թշնամական թէզերու կրկնութիւն։

Ի թիւս բազմաթիւ թշնամահաճոյ պնդումներու, Փաշինեանը յայտարարած է, թէ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք Հայ Դատի քաղաքականութիւն չէ վարած», իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը գլխաւորապէս համարած է սփիւռքեան գործունէութեան արդիւնք։

Հայ Դատ ըսելով` Փաշինեանը տուեալ պարագային, հաւանաբար, նկատի ունի Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան հարցը՝ դիտաւորութեամբ մոռացութեան մատնելով այն փաստը, որ 1921թ. Կարսի պայմանագիրը, որ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն առ ոչինչ է, ցայսօր ընդունոուած չէ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ իբրեւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի իրաւական հիմք։ Այդ մասին կը վկայէ 2009թ. Հոկտեմբեր 10-ին Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձին մէջ կատարուած հետեւեալ հաստատումը. «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ սահմաններու հարցը ենթակայ է լուծման միջազգային իրաւունքի համաձայն: Արձանագրութիւնները ասկէ աւելի ոչինչ կ՝ըսեն»։ Աւելին` զիւրիխեան արձանագրութիւններու սահմանադրականութեան վերաբերեալ ՀՀ Սահմանադրական դատարանի 2010թ. Յունուար 12-ի որոշումով՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը կը նշուի իբրեւ «փաստացի սահման»։

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին կողմէ կազմուած եւ 2015թ. Յունուար 29-ին Ծիծեռնակաբերդի մէջ ներկայացուած` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրը եղած է եւ կը մնայ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչակից հանգամանքներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն վերաբերեալ համազգային եզակի փաստաթուղթ, որ իր համընդգրկունութեամբ եւ ընդունուածութեան համախոհութեամբ ցայսօր ալ կը շարունակէ բարձր արժէք ունենալ։

Պէտք է արձանագրել նաեւ այն փաստը, որ եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը գլխաւորապէս եղած է սփիւռքեան կառոյցներու գործունէութիւն, այդ գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը բազմապատկուած է այն ժամանակ, երբ ՀՀ օրուայ իշխանութիւնները սատարած են այդ գործին՝ 1990թ. Օգոստոս 23-ին որդեգրուած Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրով ստանձնուած յանձնառութեան համապատասխան։

Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման վերաբերեալ՝ ՀՀ այս իշխանութիւններուն կողմէ կառավարութեան գործունէութեան ծրագրին կատարուած անընդյատական յղումներուն՝ պէտք է նկատել, որ ՀՀ կառավարութեան 2021-2026 թթ. ծրագրին մէջ նշուած է. «Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը Կառավարութիւնը պիտի ծառայեցնէ ոչ թէ տարածաշրջանային լարուածութեան աճին, այլ ընդհակառակը՝ տարածաշրջանի լիցքաթափման նպատակին»։ Հարց կ՝առաջանայ՝ ինչպէ՞ս հնարաւոր է Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը համադրել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացման։ Պէտք է նաեւ ուշադրութեամբ նկատել, որ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը կառավարութեան ծրագրով չի ներկայացուիր իբրեւ գործընթաց, որ կը խօսի ՀՀ արտաքին քաղաքական օրակարգէն ճանաչման գործընթացը դուրս բերելու մասին։

Հայաստանի վարչապետը չէ խորշած նաեւ խիստ վտանգաւոր յայտարարութիւններ ընելէ Արցախեան հիմնախնդրին վերաբերեալ։

Կը ցաւինք, որ Հայաստանի վարչապետը կա՛մ այնքան անպատրաստ է, որ չի գիտեր, կա՛մ միտումնաւոր կը խեղաթիւրէ ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի յարաբերակցութիւնը միջազգային իրաւունքին մօտ։ Ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի յարաբերակցութեան վէճը առաւել յստակացած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի՝ միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս Քոսովոյի կողմէ անկախութեան միակողմանի համապատասխանութեան վերաբերեալ 2010թ. Յուլիս 22-ի խորհրդատուական որոշումով։ Աւելի չխորանալով այդ որոշման իրաւաքաղաքական ծալքերուն մէջ՝ միայն նշենք, որ Դատարանը ուղղակի արձանագրած է՝ «տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի կիրառման ոլորտը կը սահմանափակուի ճանչցուած պետութիւններու յարաբերութիւններու ոլորտով»։ Իբրեւ եզրակացութիւն՝ Դատարանը ընդունած է, որ միջազգային իրաւունքը չ՝արգիլեր անկախութեան միակողմանի հռչակումները։

Աւելին, ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեամբ սահմանուած՝ իրաւունք եւ սկզբունք հասկացութիւնները իրարմէ կը տարբերին, եւ սկզբունքները միտուած են իրաւունքներու ապահովութեան, ոչ թէ հակառակը։ Հետեւաբար, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը եւ ինքնորոշման իրաւունքը չեն կրնար հակադրուիլ, իսկ Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ տարածքային ամբողջականութեան հարց յառաջանալ առհասարակ չի կրնար, քանի որ, ինչպէս արձանագրած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանը, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը կրնայ կիրառուիլ զիրար ճանչցած երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ։

Այսպիսով, փոխանակ օգտուելու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ հայկական կողմի դիրքերը ամրապնդող առարկայական հանգամանքներէն, ՀՀ իշխանութիւնները, անկարող ըլլալով ատիկա ընելու, ամբողջապէս տրուած են ազրպէյճանա­թրքական թէզերու ամօթալի կրկնութեան, իսկ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացին մէջ բաւարարած են թրքական յայտնի նախապայմանները։

ՀՅԴ Հայ Դատի աշխարհասփիւռ կառոյցը, անկախ Հայաստանի իշխանութիւններու պարտուողական ու ամօթալի դիրքորոշումներէն, կը շարունակէ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ այն վստահութեամբ, որ այդ իրաւունքներու պաշպանութիւնը չի կրնար պայմանաւորուած ըլլալ անցողիկ եւ ապաշնորհ իշխանութիւններու գոյութեամբ։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդ

25.01.2022 թ.

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.