ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ Գանատայի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Գանատա իր այցելութեան ծիրէն ներս Մոնթրէալի մէջ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2019-ին: , Ընկ. Սաղաթէլեանի կ՚ընկերակցէին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սարօ Տէր Պետրոսեան։

Հանդիպումներուն մասնակցեցան ՀՅԴ Գանատայի «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան, Մոնթրէալ Համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութեան, Գոնգորտիա Համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան անդամներ:

Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչը երիտասարդներուն ներկայացուց Հայաստանի ներկայ իրավիճակը, անդրադարձ կատարեց քաղաքական իրադարձութիւններուն, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած նստացոյցին մասին։ Սաղաթէլեան յատկապէս շեշտեց ազգային արժէքներու պահպանման կարեւորութիւնը յանուն առաջադէմ եւ ազգային արժեհամակարգի վրայ հիմնուած հասարակութիւն ունենալու:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.