ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին. «Կը Պահանջենք Գործի Առարկայական, Բազմակողմանի Եւ Լրիւ Բացայայտում»

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղէր Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան տարելիցին առիթով շարունակելու առարկայական եւ բազմակողմանի հետաքննութիւնը` սպանութեան ծալքերը բացայայտելու համար: Այս առիթով, ՀՅԴ-ն Հայաստանի Հանրապետութեան Ընդհանուր դատախազութեան առջեւ այսօր բողոքի ցոյց կը կազմակերպէ:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշուի.

«2 ապրիլ 2013-ին Պռօշեան գիւղի իր աշխատավայրի դիմաց դաւադիր կրակոցով սպաննուեց Պռօշեանի համայնքապետ, արցախեան ազատամարտի հերոս Հրաչ Մուրատեանը:

«Անցնող վեց տարիների ընթացքում յանցագործութեան բացայայտման համար որեւէ լուրջ տեղաշարժ չի կատարուել` չնայած մեր հետեւողական պահանջին ու տուժողի իրաւայաջորդների յամառ ջանքերին:

«Ըստ այդմ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը 2 ապրիլ 2019-ին, ժամը 15:00-ին, կազմակերպում է բողոքի ցոյց Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութեան առջեւ` պահանջելով գործի առարկայական, բազմակողմանի եւ լրիւ բացայայտում»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.