ՀՅԴ Կը մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Ընդհանուր Ժողովին

 

Գոլոմպիոյ Գարթակէնա քաղաքին մէջ Մարտ 2-4 կը կայանայ Ընկերվար Միջազգայնականի 25-րդ Ընդհանուր ժողովը, որուն իբրեւ լիիրաւ անդամ կը մասնակցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը։

Ընկերվար Միջազգայնականը (Socialist International) ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է, որ կը համախմբէ բոլոր ցամաքամասներէն աւելի քան 130 երկիրներու շուրջ 150 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:

Կազմակերպութեան մօտ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան կազմակերպութեան փոխնախագահն է: ՀՅԴի համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց ընկերվար միջազգայնականին (SIW) եւ ընկերվար Երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY):

Նկարին մէջ ՀՅԴ պատուիրակութեան անդամները, ձախէն աջ՝ Յակոբ Յակոբեան (Գանատա), Մարիօ Նալպանտեան(Արժանթին) եւ Վաչէ Թոմասեան (ԱՄՆ)։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.