ՀՅԴ կը զօրակցի կլիմայի փոփոխութեան վտանգին դէմ պայքարելու Ընկերվար Միջազգայնականի կոչին

Ընկերվար Միջազգայնականը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կ՚անդրադառնայ  կլիմայի փոփոխութեան վտանգին և կոչ կ՚ընէ միջազգային ընտանիքին եւ քաղաքացիական հասարակութեան՝ միաւորել միասնական ջանքերը յանուն համաշխարհային կայուն զարգացման նպատակներու իրականացման: Փաստաթուղթը ստորագրած են նաև Ընկերվար Միջազգայնականի անդամ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը և Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ ՀՅԴ ներկայացուցիչ, Կազմակերպութեան փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանը:

«Մենք կը դատապարտենք աշխարհի պահպանողական և ամբոխահաճոյ շրջանակները, որոնք պարբերաբար կը խոչընդոտեն կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի ջանքերը: Անոնց շարժառիթները կը համընկնին նաւթակազային հզօր արդիւնաբերութեան շահերու հետ, որոնք ուժեղ լոպիյինկ կը կատարեն միջավայրը պաշտպանող կարգաւորման դէմ, որը կրնայ կրճատել իրենց եկամուտները: Մենք բոլորին կոչ կ՚ընենք նուազագոյնի հասցնել համաշխարհային ջերմացման աղիտալի հետեւանքները», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նը ըն­կեր­վար-ժո­ղովրդա­վա­րա­կան, ըն­կեր­վա­րա­կան եւ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ հա­մախմ­բող հա­մաշ­խար­հա­յին կա­ռոյց է, որ կը հա­մախմ­բէ բո­լոր երկ­րա­մա­սե­րէն ա­ւե­լի քան 130 եր­կիր­նե­րու շուրջ 150 քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ: ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հ.Յ.Դ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Մա­րիօ ­Նալ­պան­տեան կազ­մա­կեր­պու­թեան փոխ-նա­խա­գահ է: Հ.Յ.Դ. հա­մա­պա­տաս­խան կա­ռոյց­նե­րը լիի­րաւ ան­դամ են ­Կա­նանց Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նին (SIW) եւ Ըն­կեր­վար Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին ­Միու­թեան (IUSY):

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.