ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին հետ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, չորեքշաբթի, 24 ապրիլին հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քարիմ Ալիի հետ:
Անկախ քննարկուած քաղաքական հարցերէն հանդիպումը առիթ մը եղաւ վերյիշելու Ցեղասպանութեան օրերուն տեղահանուած հայերու նկատմամբ սուրիացի ժողովուրդին ցուցաբերած վերաբերումին եւ այնուհետեւ մինչեւ այսօր, Սուրիոյ պետութեան կեցուածքին հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն նկատմամբ:
Բագրատունի Սուրիոյ դեսպանին միջոցաւ ողջունեց սուրիական խորհրդարանին մէջ զանազան առիթներով դրսեւորուած հայանպաստ կեցուածքներ, որոնցմէ վերջինը` պատմութեան գիրքերուն մէջ Ցեղասպանութեան նշումը:
Յիշենք, որ ապրիլ 24-ի երեկոյեան Սուրիոյ դեսպանատան հիւպատոս Ժամալ Նաժիպ ներկայ գտնուեցաւ մայրավանքին մէջ կայացած Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հա