ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպումներ Կ՛ունենան Սիւնիքի Մէջ

ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, թէ երէկ` չորեքշաբթի, 28 ապրիլին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան հանդիպում ունեցան Սիսիանի ՀՅԴ «Գրիգոր Գրիգորեան» կոմիտէին հետ:

Անոնք ծանօթացան շրջանի հարցերուն, մօտէն հետեւեցան վերջին իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ հաղորդեցին Դաշնակցութեան տեսակէտն ու կեցուածքները Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին հարցերուն եւ զարգացումներուն մասին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.