ՀՅԴ-ի Հանդիպումները` Արցախի Նախագահութեան Թեկնածուներուն Հետ

18 նոյեմբերին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան հանդիպումներ ունեցան 2020-ին Արցախի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն նախագահի հաւանական թեկնածուներ Վիթալի Բալասանեանին եւ Ռուսլան Իսրայէլեանին հետ:

Մեկնաբանելով հանդիպումները` Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ»-ին յայտնեց, որ Արցախի մէջ արձանագրուած 20-էն աւելի կուսակցութիւններէն 15-ին հետ հանդիպումներէն ետք, սկսած է միասնական օրակարգի եւ համաձայնեցուած թեկնածուի շուրջ հանդիպումներու երկրորդ փուլը: Ըստ անոր, այս փուլին հանդիպումներ պիտի ունենան Արցախի նախագահի 5 հաւանական թեկնածուներուն հետ:

«Կայացած հանդիպումներու ընթացքին նախ միտքեր փոխանակուած են ՀՅԴ-ի առաջարկած միասնական օրակարգին շուրջ ստեղծուած համախոհութիւնը տրամաբանական եզրայանգման հասցնելու հոլովոյթին ուղղութեամբ: Արցախի նախագահի հաւանական թեկնածուներու հետ քննարկուած է, թէ արդեօք անոնք կարելի կը նկատե՞ն համաձայնեցուած թեկնածու դառնալու հաւանականութիւնը, կարելի՞ է արդեօք միաւորումը այլ թեկնածուի շուրջ եւ հաւանական կը նկատե՞ն արդեօք համախմբումը ՀՅԴ-ի կողմէ առաջարկուած թեկնածուի շուրջ», պարզաբանեց Դաւիթ Իշխանեան:

Անոր համաձայն, հանդիպումները եղած են անկեղծ, անկաշկանդ եւ փոխըմբռնման մթնոլորտի մէջ:

Նշենք, որ Վիթալի Բալասանեանի հետ հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Արդարութիւն կուսակցութեան, իսկ Ռուսլան Իսրայէլեանի հետ հանդիպումին` Անկախութեան սերունդ կուսակցութեան ներկայացուցիչներ:

19 նոյեմբերին Դաւիթ Իշխանեան եւ Վահրամ Բալայեան հանդիպումներ ունեցան Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Աշոտ Ղուլեանի հետ:

Համախոհութեան մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն Արցախի նախագահի հաւանական թեկնածուներուն հետ քննարկուած են միասնական օրակարգի եւ նախագահի համաձայնեցուած թեկնածուի վերաբերող հարցեր:

Նոյեմբերի 20-ին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցցան նախագահական թեկնածու, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ:

19 նոյեմբերին նախագահի հաւանական թեկնածուներուն հետ հանդիպումներուն յաջորդեցին Արցախի մէջ արձանագրուած կուսակցութիւններուն հետ հանդիպումները, որոնց առանցքը հանդիսացաւ միասնական օրակարգի ձեւաւորումը:

????????????????????????????????????

????????????????????????????????????

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.