ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Եւ Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի Դեսպանատան Ջանքերով Վերակազմուեցաւ Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Հայաստանի Հետ Բարեկամութեան Խումբը
9 նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ վերակազմուեցաւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը: Ձեռնարկին ընթացքին նշուեցաւ նաեւ Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակը: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի գործունէութեան գլխաւոր նպատակներէն է ընդլայնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բարեկամներուն շրջանակը` համագործակցելով Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմին հետ` ի նպաստ հայոց պետական շահի եւ արդարութեան:
Ինչպէս Եւրոպական խորհրդարանի նախորդ երկու օրէնսդրական շրջաններուն, այս անգամ եւս Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմին զուգահեռ աշխուժ աշխատանք տարած էր Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի կայացման ուղղութեամբ: Եւրոպական խորհրդարանի բոլոր գլխաւոր խմբակցութիւններու երեսփոխաններէն բաղկացած բարեկամութեան խումբի նախագահն է Լուկաս Ֆուրլասը (Կիպրոս, Եւրապական ժողովրդական կուսակցութիւն). Երոպայի Հայ դատի գրասենեակը կ՛ակնկալէ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն եւրոպացի երեսփոխաններուն հետ: