ՀՅԴ Երիտասարդներու Բողոք` Կառավարութեան Շէնքին Դիմաց

հինգշաբթի, 4 փետրուարին, ՀՅԴ երիտասարդները բողոքի հաւաք կատարեցին կառավարութեան շէնքին դիմաց: Անոնք բարձրացուցած էին պաստառներ` «Նիկոլ դաւաճան», «Դաւաճանը պէտք է հեռանայ», «Նիկոլ հեռացի՛ր» գրութիւններով:

«Հայաստանի մէջ ամէն օր տեղի կ՛ունենան Նիկոլ Փաշինեանի դաւաճան կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցեր, ու մենք` իբրեւ մարդիկ, որոնք նոյն պահանջը ունին, կը մասնակցինք այդ բոլոր նախաձեռնութիւններուն», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան:

«Շատ պարզ է ամէն ինչ` Նիկոլ Փաշինեանին հետ մենք որեւէ կարելիութիւն չունինք, ամէն ինչ աւելի վատ պիտի ըլլայ, Հայաստանը դատապարտուած է կործանման: Առանց Նիկոլ Փաշինեանի է, որ Հայաստանը կարելիութիւն ունի ոտքի կանգնելու, վերականգնելու եւ զարգանալու», նշեց ան:

Վարդանեանի համաձայն, հասարակութեան պէտք է յաճախ յիշեցնել ներկայիս առկայ վտանգներուն մասին, որպէսզի չյոգնի պայքարելէ:

ՀՅԴ-ի անդամ Գոռ Սարգսեան նշեց, որ այլընտրանք չկայ` այս իշխանութիւնները կա՛մ պէտք է հեռանան, կա՛մ ալ պէտք չէ իշխեն:

«Սպասեցէ՛ք մեզի ամէն օր, դուք հանգիստ պիտի չունենաք, մեր նախաձեռնութիւնները, բողոքի ցոյցերը պիտի շարունակուին, եւ դուք պիտի հեռանաք իշխանութենէն: Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ, որ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր խումբին պէս դաւաճանները մեր երկրին մէջ տեղ չեն կրնար ունենալ», նշեց Գոռ Սարգսեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.