ՀՅԴ Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան Դիմաց

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամները երէկ` չորեքշաբթի, 2 յունիսին բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Անահիտ Աւանեսեանին դէմ:

«Միանշանակ է, որ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը, առնուազն զոհուածներու մարմինները սահմռկեցուցիչ պայմաններու մէջ պահելու դէպքէն մեկնելով, եթէ մարդկային որեւէ արժէք ունի, պէտք է հրաժարական տայ եւ հեռանայ», ըսաւ ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեան` Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան շէնքին առջեւ բողոքի ցոյցին ընթացքին:

Երիտասարդները վանկարկեցին` «Անահի՛տ, իջիր», եւ ըսին, որ ունին յստակ պահանջ` հանդիպելու եւ քանի մը հարցում հարցնելու Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատարին:

«Անցնող երկու օրերուն ընթացքին մեր հասարակութիւնը ականատեսը եղաւ երեւոյթի մը, երբ ամիսներ շարունակ անհետ կորսուածներու ծնողները տեղեկութիւններ չունէին իրենց զաւակներէն, անոր իբրեւ պատասխան երկու օր առաջ պատահաբար պարզ դարձաւ, որ տասնեակ մեր զոհուած եղբայրներու մարմիններ կը պահուին պարզապէս սահմռկեցուցիչ պայմաններու մէջ, կը պահուին այնպիսի պայմաններու մէջ, որ իւրաքանչիւր գիտակից մարդ, անկախ ազգութենէն, տեսնելով, որ հայրենիքի համար կեանքը տուած զինուորը ի՛նչ ճակատագիրի  արժանացած է պետութեան կողմէ,  չի կրնար խելամիտ արձագանգ տալ անոր: Այսինքն, խենթենալու աստիճանի կարելի է հասնիլ` տեսնելով այն պատկերը, որ ունինք այսօր», ըսաւ ան:

Անոնք պահանջեցին, որ առողջապահութեան նախարարը գայ այդտեղ, եւ արձանագրեցին, որ նոյնիսկ այն 20 օրը, որ մնացած է այս իշխանութեան, նախարարը բարոյական իրաւունք չունի պաշտօնավարելու:

«Այս համակարգը ինք արժանի է այդ տոպրակներուն մէջ փաթթուելու եւ նետուելու աղբանոց», ըսաւ Գոռ Սարգսեան:

Ցուցարարները տոպրակներ նետեցին նախարարութեան շէնքին վրայ:

Երիտասարդներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ քաշքշուք տեղի ունեցաւ:

ՀՅԴ-ի քանի մը երիտասարդներ կոպիտ ուժով բերման ենթարկուեցան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.