ՀՅԴ Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ընդդէմ Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցչի Հայաստան Այցելութեան
Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Շարլ Միշելի Հայաստան այցելութեան ընդառաջ` ՀՅԴ երիտասարդները երէկ` 16 յուլիսին բողոքի ցոյց կազմակերպեցին:
Ցոյցի մասնակիցներու ձեռքին կային նաեւ պաստառներ` «Ամօ՛թ ձեզի» գրութեամբ:
ՀՅԴ Հայաստան երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ` իրենք այստեղ են, որպէսզի իրենց յուզող հարցերը ուղղեն Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչին:
«Մենք հարց կու տանք` ո՞ւր էր Եւրոպան ամբողջ պատերազմի ընթացքին, ո՞ւր էին, երբ Հայաստանի նկատմամբ կը կիրարկուէր ֆոսֆորային զէնք, ո՞ւր էր, երբ Ազրպէյճանը Արցախի մէջ կը սպաննէր քաղաքային անձեր, ինչո՞ւ հիմա եկած են, արդեօք կը փորձեն Հայաստա՞նը գնել: Մենք կ՛ըսենք` Հայաստանը վաճառքի համար չէ: Մենք կ՛ըսենք` այն օրակարգը, որուն համար անոնք այստեղ են, պիտի չկարենան իրականացնել: Մենք պարզապէս կ՛ուզենք հարցնել` արդեօք մուրճը ժողովրդավարութեան նոր զէնքերէ՞ն է, իրենք արդեօք հանդիպա՞ծ են քաղաքական բանտարկեալներու հետ, Հայաստանը ամէն օր կ՛ունենայ նոր քաղաքական բանտարկեալ», ըսաւ Քրիստինէ Վարդանեան: