ՀՅԴ եռօրեայ ուսանողական հաւաք-սեմինար կայացաւ Պռոշեանի մէջ

ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական միութեան անդամները Հոկտեմբերի 18-20 Պռոշեան գիւղին մէջ մասնակցեցան եռօրեայ հաւաք-սեմինարի։ Հաւաքին ընթացքին տեղի ունեցան ներկազմակերպական եւ ներքաղաքական հարցերու շուրջ քննարկումներ եւ դասախօսութիւններ:

Միջոցառման աւարտին մասնակիցները հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի հետ։

Միջոցառման մասնակցեցան նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան անդամակցելու որոշում կայացուցած ուսանողները, որոնք հաւաքին ընթացքին ծանօթացան կուսակցութեան ծրագրին, կանոնադրութեան եւ հետագայ աշխատանքներուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.