ՀՅԴ ԳԵՄ-ը եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը կ՚աջակցին «Օգնիր հայրենակցիդ» ծրագրին

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան անդամներ այցելելով Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի եւ Տաւուշի մարզեր, հարիւրարաւոր ընտանիքներու օգնութեան փաթեթներ տրամադրեցին անցնող օրերուն։

Նկատի ունենալով համավարակի պատճառով տնտեսապէս խոցելի կացութեան մատնուած հայ ընտանիքներու վիճակը, Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը եւ Հ․Յ․Դ․ «Նիկոլ Աղբալեան»  ուսանողական միութիւնը մեկնարկած են Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներուն անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրելու ծրագիր մը՝ «Օգնէ՛ Հայրենակիցիդ» (“Help Your Compatriot – #TogetherWeWillWin”):

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութիւնը (ԳԵՄ) եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը միացան  Հայաստանի իրենց գաղափարակից ընկերներու «Օգնիր հարենակցիդ» ծրագրին եւ Մայիս 8ին հրապարակեցին առցանց նուիրահաւաքի տուեալներն ու մանրամասնութիւնները։

«Օգնիր հայրենակցիդ» ծրագրով օժանդակութիւն եւ օգնութիւն կը տրամադրուի Հայաստանի մարզերու եւ սահմանամերձ գիւղերու կարիքաւոր ընտանիքներու։ Այս գծով, իրենց ներդրումը կը կատարեն, նաեւ  Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը, Հայաստանի Հայ Օգնութեան Միութիւնն ու Հ․Մ․Ը․Մ․- Հ․Ա․Ս․Ք․-ը։

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան նուիրահաւաքին մասնակից դառնալու եւ մեր հայրենակիցներուն օգնութեան ձեռք երկարելու համար այցելել այս կայքը.

Նշենք, որ 20 տոլար եւ աւելի նուիրատուութիւնները կը ստանան Գանատայի պետական տուրքի ստացագիր։

https://acc.akaraisin.com/Donation/Event/DonationInfo.aspx?seid=22365&mid=48

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.