ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու համագանատական սեմինար-բանակում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին եւ մասնակցութեամբ շուրջ 100 երէց պատանիներու եւ 20 վարիչներու ու պատասխանատուներու, Հոկտեմբեր 11-14 շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տարեկան համագանատական սեմինար-բանակումը, Քրիսթի Լէյք բանակավայրէն ներս։

Սեմինարը նուիրուած էր Արցախեան Ազատամարտի Զինադադարի 25-ամեակին։ Այդ ծիրէն ներս պատանիները լսեցին 3 դասախօսութիւններ՝ «Արցախի պատմութիւն 18րդ դարէն մինչեւ 1988» (Ընկ. Մոսիկ Արզումանեան), «Արցախի աշխարհագրական կարեւորութիւն» (պատրաստութիւն՝ ընկհ Սօսէ Պէօճէքեանի, ներկայացում՝ ընկհ. Նորա Արուշեանի) եւ «Ազատագրական Պայքարը եւ Քառօրեայ Պատերազմը» (ընկ. Ռաֆֆի Հասըրճեան)։

Ապա աշխատանոցներու ընդմէջէն, պատանիները պատրաստեցին Արցախեան պայքարի ճամբուն նահատակուած ֆետայիներու մասին պատի թերթեր ու զանոնք ներկայացուցին եւ երգեցին անոնց յիշատակի երգերը։

Սեմինարի ընթացքին պատանիները ունեցան մարզական եւ ընկերային խաղեր, մասնակցեցան զարգացման մրցումի, խրախճանքի եւ գիշերները աւարտեցին երգելով Ազգային-Յեղափոխական երգեր։

Աւարտին, բոլոր պատանիները վերանորոգուած պատրաստակամութեամբ եւ աշխատանքները նոյն թափով շարունակելու վճռակամութեամբ վերադարձան իրենց քաղաքները։

ՀՅԴ ԳՊՄ Ընդհ. Վարիչ Մարմին

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.