ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւնը եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը կը զօրակցին ՀՅԴ ընտրապայքարին

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւնը եւ ՀՅԴ Գանատայի «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը կը զօրակցին ՀՀ Ազգային Ժողովի ՀՅԴ ընտրապայքարին։

Բարե՛ւ ձեզ

Ես անդամ եմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

Գանատայի Երիտասարդական Միութեան

Եւ Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութեան

 

Ինծի համար գերագոյն արժէք են՝

Հայն ու Հայաստանը

Ազատութիւնը

Սրդարութիւնը

Եւ ժողովուրդիս համերաշխ կեանքը:

Ես զինուորագրուած եմ ազգիս տենչերուն ու Դատին,

Ես Հայրենիքիս ծառայութեան մէջ եմ,

Ու կը հաւատամ՝

Որ մեր երկիրը պէտք է ըլլայ հզօր,

Ընկերային արդար կարգերով,

Ուր տեղ չունի՛ փտածութիւնը,

Ուր չկա՛ն մենաշնորհեալներ,

Ուր տեղ չկա՛յ իրաւունքի անհաւասարութեան:

Կը հաւատամ նաեւ՝

Որ Արցախը ամբողջականօրէն հայկակա՛ն է,

Արեամբ ազատագրուած՝ հայրենի՛ք է,

Եւ այս գծով՝ ո՛չ մէկ զիջում կ’ընդունիմ:

Այս բոլորի իրականացման համար՝

Իմ ընտրած ճանապարհը՝ Դաշնակցութի՛ւնն է.

Առ այդ ալ՝

Կը զօրակցիմ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ ընտրութիւններուն՝

Մեր թեկնածու ընկերներուն

Ու ՀՅԴ ընտրական ծրագրին:

Մենք ՄԷ՛Կ ենք

ՈՒ միասին՝

Կը ձգտինք կերտել՝

Արդար

Բարօր

Ու երջանի’կ Հայաստան:

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւն

ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւն

https://www.facebook.com/120633978044872/videos/2051140618280284/?eid=ARBCVU1lO6aUzbQvKPdxjSKvKJfpMLKA0e9fvL7mArkY8f2hu9_0DiGCH7KoQvKYPFw4Xbj7NH8sVs_E

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.