ՀՅԴ Բիւրոն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմը Արցախի շփման գիծի երկայնքով եւ խաղաղ բնակավայրերու վրայ։ Թուրքիան յայտարարած է իր անվերապահ աջակցութիւնը Ազրպէյճանին։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր համահայկական ամբողջ հնարաւորութիւնը դրած է Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու տրամադրութեան տակ՝ յատկապէս աջակցելով պաշտպանութեան բանակին եւ արտաքին ճակատի վրայ։

Պատերազմի ժամանակ թիկունքի ամրութիւնը պահելու համար կենսական է համահայկական ուժերու լարում, զգօնութիւն եւ երկրին մէջ կայունութեան պահպանում։

Կոչ կ՚ուղղենք միջազգային հանրութեան՝ դատապարտելու Ազրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք յղի են ամբողջ տարածաշրջանը ապակայունացնելու վտանգներով։

Կոչ կ՚ուղղենք Թուրքիոյ՝ դադրեցնել հակամարտութեան իր մասնակցութիւնը եւ գոնէ մէկ անգամ ցուցաբերել տարածաշրջանին մէջ կառուցողական կեցուածք։

Պատերազմական գործողութիւններու շարունակութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն Ազրպէյճանն ու Թուրքիան։
Մենք կը ձեռնարկենք մեր հնարաւորութիւններուն համապատասխան անհրաժեշտ բոլոր քայլերը՝ դիմակայելու համար Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողական քաղաքականութեան։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
27 Սեպտեմբեր 2020

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.